2013-04-22 12:47:50

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Պատգամը Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ Տարելիցին Առթիւ


(Կիրակի 21.4.13)
Յոյժ սիրելի ցաւակից եղբայրներ եւ քոյրեր
Ապրիլեան նահատակաց յիշատակակիր հայորդիներ

1915: Ցաւալի թուական մը, որ վերածուեցաւ պանծալի ոգեկոչումի մը:
98 տարիներ ետք, կարծէք անցեալ տարի էր, որովհետեւ մեր մտքին ու սրտին մէջ թարմ մնաց մեր Ազգը բնաջնջելու Օսմանեան կոյր քաղաքականութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Հայերուս համար, այս սգատօնը փառատօն դարձաւ:
Հայերուս համար ըսի, որովհետեւ մեր պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ 1712 տարի առաջ, մեր նախնիք թօթափելով կուռքերու կրօնքները յարեցան Ս. Աւետարանին եւ որդեգրեցին քրիստոնեայ հաւատքը, շնորհիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեան: Այն օրէն ի վեր, Հայոց պատմութիւնը դարձաւ քրիստոնեայ հաւատքի դիւցազներգութիւն մը, որ դարէ դար իր կնիքը դրոշմեց մեր պատմութեան էջերուն վրայ, սկսելով Ս. Գրիգորէն, որ Հայոց Լուսաւորիչ յորջորջուեցաւ, որովհետեւ հայազգի զաւակները լուսաւորեց Ս. Աւետարանի աստուածային խօսքերով, անցնելով Ս. Մեսրոպ Մաշտոցէն, որ Գիրերու Գիւտով մեզի շնորհեց Ս. Գիրքը հայերէն տառերով: Եւ ամէն տարի մինչեւ օրս, մեզի համար յիշատակելի օր է նաեւ Վարդանանց Զօրավարաց ճակատանարտը, որ, տալով 1036 զոհեր, վերջնական կերպով արմատացուց քրիստոնեայ կրօնը Հայ Ազգի զաւակներուն սրտին մէջ:
Մեր երկրորդ ոսկեայ շրջանը ապրեցանք 11-րդ եւ 12-րդ դարերուն, շնորհիւ մեծ աստուածաբաններու՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Ներսէս Շնորհալիի, Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի եւ այլ եկեղեցական գիտնականներու, որոնք յաղթահարեցին հերետիկոսներու ու հերձուածողներու սխալ վարդապետութիւնները եւ իրենց գրիչով ու խօսքով պաշտպանեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին քարոզած ջինջ հաւատքը:
Ուրիշ նշանաւոր դէմքեր եւս լուսաւորեցին մեր պատմութիւնը 18-րդ դարուն, նման Մելքոն Եպիսկոպոս Թազպազեանի, Մխիթար Աբբահօր եւ Աբրահամ Արծիւեանի, որոնք աշխատեցան մեր հաւատքի գոյատեւման եւ զարգացման համար քարոզութիւններ կատարելով, եւ այս նպատակաւ, կրօնաւորական միաբանութիւններ հիմնեցին եւ հոգեւոր գիրքեր հրապարակեցին:
Բայց ամենամեծ հաւատքի գոյապայքարը տեղի ունեցաւ 1915ին, երբ Օսմանեան բիրտ պետութիւնը ուզեց բնաջնջել հայ ազգը, հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, մէկուկէս միլիոն մարդ եւ կին չարչարանալից կերպով սպաննելով:
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Հայաստան այցելեց, Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ եւ արար աշխարհին առջեւ Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանը հռչակեց նահատակ եւ երանելի: Արդարեւ, մեր ապրիլեան մէկուկէս միլիոն նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին ոչ միայն Ազգին, այլ նաե՛ւ Յիսուսին եւ Ս. Աւետարանին հաւատարիմ մնալու համար: Անոնք իրենց վկայութիւնը կնքեցին իրենց արիւնով: Արդ, արեան վկայութիւնը գերագոյն վկայութիւնն է, զոր կը կոչենք մարտիրոսութիւն: Ոմանք աւելի չարչարուեցան, ոմանք նուազ, բայց Աստուծոյ մօտ վկայութեան ամենափոքր մանրամասնութիւնն անգամ իր կարեւորութիւնը ունի: Ուստի, մեր բոլոր զոհ գացած հարազատները մեծ կարեւորութիւն ունեցան Աստուծոյ առջեւ:
Ս. Պօղոս առաքեալը այսպէս կը նկարագրէ առաքեալներուն նեղութիւնները. «Ճնշուած ենք ամէն կողմէ, բայց ո՛չ ընկճուած: Գիտենք միշտ յուսալ եւ երբեք չյուսահատիլ: Հալածուած ենք, բայց ո՛չ լքուած, չարչարուած, բայց ոչ մեռած: Կը կրենք ամենուրեք եւ միշտ մեր մարմիններուն մէջ Յիսուսի մահուան չարչարանքները, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնուի մեր մարմիններուն մէջ» (Բ. Կորն. 4, 8-10): Ըսէք ինծի յոյժ սիրելիներ, վերոնշեալ խօսքերը կարելի չէ՞ վերագրել արդեօք մեր հայրերուն ու մայրերուն, մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, որոնք թէ՛ ճնշուեցան, թէ՛ հալածուեցան, չարչարուեցան ու մեռան, բայց նաեւ՝ անոնք միշտ հաւատարիմ մնացին իրենց հաւատքին եւ քրիստոնէական հոգիով յուսացին Յիսուսի յարութեան եւ փառքին: Հայ ազգը չբնաջնջուեցաւ. վկա՛յ՝ մեր ներկայութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերը, ուր ծաղկուն գաղութներ ունինք եւ բարգաւաճ թեմեր հաստատած ենք:
Չըլլա՛յ թէ, չըլլա՛յ թէ եղբայրներ, որ այսօրուայ թիւր ու սխալ գաղափարախօսութիւնները մոլորեցնեն մեր հայորդիները եւ կամ զանոնք հեռացնեն Ս. Գրիգորի քարոզած հաւատքէն, եւ այսպէսով իրականացնեն այն ինչ որ Օսմանեան բնաջնջումի ծրագիրը չյաջողեցաւ իրագործել: Յոյժ սիրելիներ մեր գոյատեւումը եւ մեր փրկութիւնը կը հիմնուին միայն ու միայն մեր քրիստոնեայ հաւատքին վրայ, որուն համար մէկուկէս միլիոն քաջարի եւ հաւատացեալ մեր ծնողները իրենց կեանքը զոհեցին 1915-ին:
Սիրելիներ, այս Հաւատքի Տարուան առիթով, յատուկէն աղօթե՛նք հաւատքի տագնապի մէջ գտնուող մեր հայազգի զաւակներուն համար: Մեզի կ'իյնայ անոնց փոխանցել մէկուկէս միլիոն նահատակներու կողմէ մեր ժառանգած հաւատքի փորձառութիւնը եւ քաջութիւնը ունենանք նաեւ անոնց աւետելու Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը, որուն հրաշափառ տօնը կատարեցինք 3 շաբաթ առաջ, եւ անոնց ցոյց տանք, մեր ապրած կեանքով, որ Յիսուս իրապէս Յարութիւն առաւ եւ այս սոյն Յարութիւնը կը շնորհէ բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատարիմ կը մնան Իրեն եւ Իր Ս. Աւետարանին, ինչպէս հիանալի կերպով փաստեցին իրենց գերագոյն վկայութեամբ՝ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը եւ մէկուկէս միլիոն հայորդիները:
Սիրելիներ, կրկնե՛նք համոզումով մեր հաւատքի բնաբանը՝
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:








All the contents on this site are copyrighted ©.