2013-04-20 11:12:56

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Նամակը Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Անթիլիաս- Նորին Սրբութիւնը իր գահակալութեան պաշտօնական արարողութենէն ետք նամակ մը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր «սրտազգած երախտագիտութիւն»ը յայտնելէ յետոյ Վեհափառ Հայրապետին «ցուցաբերած սրտակցութեան ու սրիոյն՝ որ արտայայտուեցաւ պատուիրակութեան ներկայութեամբ՝ գահակալութեան առիթով, Վատիկանի մէջ», կ՝ըսէ թէ՝ «խորապէս զգացուած եմ այս եղբայրական արտայայտութեան, որ ինծի համար հոգեկան գոհունակութեան ու քաջալերանքի աղբիւր մըն է։ Որպէս հաւատակից եղբայր,
խոնարհաբար կը խնդրեմ աղօթքի ճամբով Ձեր օժանդակութիւնը, որպէսզի
Տէրը զիս առաջնորդէ իմ նոր առաքելութեանս մէջ»: Սրբազան Հայրը իր
նամակը կ՝եզրակացնէ ըսելով՝ «միութեան ու գործակցութեան ճամբով մենք
պէտք է միասին աշխատինք ի խնդիր աշխարհի խաղաղութեան եւ
ծառայութեան աղքատներուն, տկարներուն եւ տառապողներուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.