2013-04-20 09:08:17

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետին Պատգամը Եկեղեցական Կոչումներու Աղօթքի Օրուան Առթիւ։


Պատգամը ներշնչուած է Հաւատքի տարիէն։
Եկեղեցական կոչումներու աղօթքի օրը կը նշուի վաղը կիրակի 21 ապրիլ 2013-ին. Զատկուայ չորրորդ կիրակին ։

Անցեալ 15 դեկտեմբերին լոյս տեսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ստորգարութիւնը կրող պատգամը նուիրուած` ''եկեղեցական կոչումներու աղօթքի 50-րդ օրուան''։ Պատգամին բնաբանն է` ''եկեղեցական կոչումները նշանն են հաւատքի վրայ հիմնուած յոյսին''. Նիւթ մը որ սերտօրէն կապուած է Հաւատքի Տարուան ու Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50-րդ տարեդարձին հետ։

Այսօր եւս - կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամին մէջ- ապրելով Յիսուսի աշակերտներու հասարակութեան մէջ` որ է Եկեղեցին, Յիսուս Քրիստոս կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու, եկեղեցական կոչումներու աղօթքի 50-րդ օրուան առթիւ։ Վաստակաւոր Քահանայապետը ապա կը հրաւիրէ նոր սերունդը փնտռելու արժէքները, դիմելու բարձր կէտնպատակներու`, կատարելու արմատական ընտրութիւններ, ընկերութեան ու անհատին լաւագոյն ծառայութիւն մատուցելու, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին։
Պենետիկտոս ԺԶ հուսկ կը գրէ. Յիսուս մշտատեւ կը կրկնէ, ''եկուր եւ հետեւէ ինծի ''։
Ընդառաջելու Յիսուսի հրաւէրին, հարկաւոր է ինքզինք ուրանալ, հրաժարիլ սեփական ծրագիրներէն։ Յիսուսի հետեւիլ կը նշանակէ` նոյնացնել մեր կամքը Յիսուսի կամքին, նախընտրել Յիսուսը մեր կեանքին, ընտանիքին եւ սեփական շահերուն։
Վաստակաւոր Քահանայապետը կը մաղթէ որ նոր սերունդը մակերեսային ու վաղանցուկ առաջարկներու դիմաց գիտնան մշակել բարձր արժէքներ, Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Սիրեցեալ երիտասարդներ- կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ - մի վախնաք Յիսուսի հետեւելու եւ ընտրելու պահանջկոտ ու դժուար ճանապարհները սիրոյ, եղբայրօգնութեան ու վեհանձն յանձնառումի։ Համապատասխանելով Յիսուսի կոչին պիտի դառնաք երջանիկ, պիտի դառնաք վկաները այդ ուրախութեան որ աշխարհը ի վիճակի չէ ձեզի հաղորդելու, պիտի դառնաք անհուն սիրոյ ողջ ջահերը եւ պիտի կարողանաք հաղորդել յոյսը որ ձեր մէջ կը բնակի։
Պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը բացայայտէ որ հոգեւորականները` քահանայ թէ կրօնաւոր, իրենց կեանքի վկայութեամբ ու առաքելական նուիրումով կարող են ներշնչել նոր սերունդին վեհանձնութեամբ ընդառաջելու Քրիստոսի հետեւելու կոչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.