Չեխիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Անդամները Այցելած Են Ծիծեռնակաբերդ
Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Եւրոպական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ
Եան Պաուերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 19 Ապրիլին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Չեխ խորհրդարանականները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին
առջեւ, լռութեամբ յարգած են ցեղասպանուած մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը: Եան
Պաուերն ու պատուիրակութեան անդամները շրջագայած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին
մէջ, ծանօթացած են Հայոց Մեծ Եղեռնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագրութիւններուն,
հետաքրքրութեամբ դիտած են ցուցանմոյշները: