2013-04-20 11:32:19

Հայկական Եկեղեցիներ Եւրոպական Ժառանգութեան Առաւել Վտանգուած Կոթողներու Նախնական Ցուցակին Մէջ։


Հայկական մշակութային ժառանգութեան երկու կոթող` Արագածոտնի մարզի Սբ. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին եւ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Սբ. Գէորգ հայկական եկեղեցին, ընդգրկուած են եւրոպական մշակութային ժառանգութեան առաւել վտանգուած մշակութային եւ պատմական կոթողներու նախնական ցուցակին մէջ:
Այս մասին կը յայտնէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով բրիտանական հեղինակաւոր The Guardian թերթը:
«Ընդհանուր առմամբ ( յայտնած է թերթը) 14 հնագիտական վայրեր, կրօնական շինութիւններ, պատմական քաղաք-կեդրոններ եւ ռազմական ամրութիւններ ընդգրկուած են ամէնէն վտանգուած մշակութային եւ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողներու նախնական ցուցակին մէջ»:
Շուրջ 21 երկրի կողմէ անուանակարգին մէջ ներկայացուած եւ մշակութային ու պատմական արժէք ներկայացնող 40 կոթողներէն փորձագէտներու կողմէ ընտրուած են 14-ը, որոնք պիտի կրճատուին` մինչեւ հասնին եօթի` վերջնական ցուցակին համար: Վերջնական ցուցակը պիտի հրապարակուի 16 Յունիսին Աթէնքի մէջ Europa Nostra-ի (The Voice of Cultural Heritage in Europe (Եւրոպայի մէջ մշակութային ժառանգութեան ձայնի ) 50-րդ տարեդարձին նուիրուած համաժողովին ընթացքին:
Արագածոտնի մարզի Սբ. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին աշխարհի առաջին քրիստոնէական կառոյցներէն մէկն է` կառուցուած Ե. դարու սկիզբը: Եկեղեցին լրջօրէն վնասուած է պարբերական ջրհեղեղներու հետեւանքով եւ անյապաղ վերանորոգման կարիքն ունի: Ժամանակակից Թուրքիոյ՝ Մարտին քաղաքին մէջ գտնուող Սբ. Գէորգ հայկական եկեղեցին եւս, կը թուագրուի Ե. դարով եւ այժմ լքեալ վիճակի մէջ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.