2013-04-20 13:11:14

Համահայկական Երիտասարդական Համաժողովին Պիտի Մասնակցին 30 Երկիրներէ 500 Երիտասարդներ


».– Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ 22 Ապրիլին ընթացք պիտի առնէ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող «Հայերէնն իմ սրտում է» համահայկական երիտասարդական համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին շուրջ 500 երիտասարդներ՝ աշխարհի 30 երկիրներէ: Համաժողովի կազմակերպման համար Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը համագործակցած է աւելի քան 40 համահայկական եւ տեղական երիտասարդական կառոյցներուն հետ:
Քննարկումներուն միջոցով պիտի բարձրացուին համազգային կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներ եւ պիտի առաջարկուին նոր լուծումներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման ու հետեւանքներու վերացման, Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, լեզուի եւ մշակոյթի, հայապահպանման գծով, անոնց մէջ կարեւոր նկատելով հայ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը:
Համաժողովի աւարտին մասնակիցները պիտի ընթերցեն յայտարարութիւնը՝ ուղղուած աշխարհի տարբեր ծագերուն ապրող հայ երիտասարդութեան:
Սփիւռքի նախարարութենէն «Փան Արմինիըն»ին յայտնած են, որ համաժողովի ծրագիրի ծիրին մէջ մասնակիցները պիտի դիտեն «Համշէնը անցեալի եւ ներկայի խաչմերուկներում» վաւերագրական ժապաւէնը, պիտի այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Վանաձոր, պիտի հետեւին Հայաստանի կառավարութեան նիստի աշխատանքներուն, պիտի մասնակցին Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին նուիրուած՝ դէպի Ծիծեռնակաբերդ երիտասարդութեան ջահերով երթին: Ապրիլ 24ին, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին հետ պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ, պիտի մասնակցին Սփիւռքի այգիին մէջ կազմակերպուելիք ծառատնկումին եւ ծաղիկներ պիտի զետեղեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.