2013-04-20 11:32:34

Ըստ Քանատացի Մտաւորական Ուայթհորնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին “Լռութեան Պատը” Կը Քանդուի Թուրքիոյ Մէջ.


Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային կառոյցներու եւ գիտնականներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը անխուսափելի է: Այս մասին, յայտնած է Քանատայէն ժամանած բանաստեղծ Ալան Ուայթհորն (այսպէս կը հաղորդէ Armenpress.am-ը):
Ուայթհորնի համաձայն` այդ պարագային ցեղասպանութեան ընդունումը անխուսափելի պիտի դառնայ նաեւ Թուրքիոյ համար, թէեւ այդ պետութիւնը կը շարունակէ իր մերժողական քաղաքականութիւնը:
“Հակառակ թրքական կողմի վարած մերժողոկան քաղաքականութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ արդիական՝ միջազգային տարբեր շրջանակներու մէջ: 1915-ին կատարուածը ակնյայտ եւ փաստարկուած է, եւ ուշագրաւ է, որ երիտասարդ սերունդը աւելի շատ կը հետաքրքրուի Հայոց Ցեսապանութեան հարցերով թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ անոր սահմաններէն դուրս”,- կարծիք յայտնած է քանատացի մտաւորականը:
Ալան Ուայթհորն նշած է, որ կան քաջ լրագրողներ, որոնք ներկայիս իրենց հրապարակումներուն միջոցով՝ Թուրքիոյ մէջ իսկ կը քանդեն “լռութեան պատը”: Թէեւ Թուրքիան դեռ պատրաստ չէ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն հետզհետէ կ’աւելնայ այն երկիրներուն թիւը, որոնք պաշտօնապէս կը ճանչնան ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը:
“Իմ մեծ մայրը նոյնպէս Եղեռնի զոհ է: Ան երբեք չէր գիտեր իր իրական տարիքը եւ անունը: Փախստական դարձած էր` նոյնիսկ չիմանալով այն գիւղին անունը, ուր ծնած էր”,- աւելցուցած է գրողը:
Իր արմատներուն Ուայթհորն անդրադարձած է “Վերադարձ դէպի Հայաստան” երկլեզու (արեւելահայերէն, անգլերէն) բանաստեղծութիւններու ժողովածուին մէջ, ուր հեղինակը գրած է Սփիւռքի մէջ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու կեանքին մասին: Գիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ արդի հայ հասարակութեան առջեւ ծագած մարտահրաւէրները:
Ուայթհորն կը դասաւանդէ Քանատայի թագաւորական զինուորական քոլեճին մէջ: Ան Հայաստան ժամանած է Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ Երեւանի մէջ Ապրիլ 16-21 իրականացուող միջազգային փառատօնին մասնակցելու նպատակով: Պոէզիայի միջազգային փառատօնի մասնակիցները Ապրիլ 17-ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդ, ծաղիկներ դրած 1915-ի ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.