2013-04-19 12:47:01

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Արխենթինայի Այն Մայրերուն Որոնք Կորսնցուցին Իրենց Զաւակները Զինուորական Բռնատիրութեան Տարիներուն։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը բաժնէ կսկիծը այն մայրերեուն որոնք զինուորական բռնատիրութեան տարիներուն ողբերգական ձեւով կորսնցուցին իրենց սիրելիներն ու զաւակները։ ''Մայս հրապարակի մայրեր'' ընկերակցութեան նախագահը տիար Հերպէ տէ Պոնաֆինին ի լուր Պուէնոս Այրեսի առաջնորդ ընտրուելուն որպէս Քահանայապետը կաթողիկէ եկեղեցւոյ, շնորհաւորագիր մը յղած է, որով ֆրանչիսկոս Քահանայպետէն կը խնդրէ չմոռնալ այն մայրերը որոնք կորսնցուցին իրենց զաւակները զինուորական բռնատիրութեան տարիներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք անարդար աշխարհին մէջ կը պայքարին թշուառութեան դէմ։ Վատիկանի արտգործ նախարարը յանուն Սրբազան Քահանայապետին կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը վշտահար մայրերուն եւ Աստուծմէ կը հայցէ ոյժը կարենալ արմատախիլ ընել աղքատութիւնը աշխարհի մէջ ու դադրեցնել տալ տառապանքը բազմաթիւ մարդոց։ Նոյնպէս կը գնահատէ վերոյիշեալ ընկերակցութեան տածած աշխատանքը ի նպաստ հարստահարեալներուն ու անոնց արդար ակնկալութիւններուն։ Նորին Ասրբութիւնը իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի քաղաքական պատասխանատուները ազդու, արդար ու զօրավիգ միջոցառումներով պայքար մղեն թշուառութեան պատուհասին դէմ ։
Յայտնենք որ ''Մայս հրապարակի մայրեր'' ընկերակցութիւնը ստեղծուած է 1977-ին Արժենթինայի մայրերէն, որոնք կը պահանջեն անյետացած իրենց զաւակներու վերադարձը զինուորական բռնատիրութեան տարիներուն 1976-1983։ Անոնք ամէն հինգշաբթի օրը բողոքի ցոյց կը կատարեն կառավարական շէնքին դիմաց դատապարտելու այդ տարիներուն ընթացքին գործադրուած ոճիրներուն դէմ ու վառ պահելու իրենց անյայտ սիրելիներուն յիշատակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.