2013-04-19 12:48:03

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէնը Արժանացաւ ''Տարուայ Հաղորդիչի'' Մրցանակին։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, հինգշաբթի 18 ապրիլին, արժանացաւ Գերմանիոյ ապահովագրական ''Ալլիանց'' ընկերութեան մրցանակին հաղորդիչի իր կարողութիւններուն համար։
Մրցանակի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնին մէջ ներկայութեամբ` Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ։
Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին 2006-էն ի վեր կը վարէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը ու միեւնոյն ատեն ան Վատիկանի պաշտօնական ձայնասփիւռին ընդհանուր տնօրէնն է։
Մրցանակը ընդունելու պահուն Հայր Լոմպարտին գոհունակութիւն յայտնած է, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի իր պաշտօնը կատարելուն ''Թափուր Աթոռի'' ընթացքին ու ''լաւ կապեր հաստատելուն համար աշխարհի չորս ծագերէն Հռոմ ժամանած` լրագրողներուն հետ''։ Հայր Լոմպարտին ակնարկելով հուսկ ֆրանչիսկոս Պապին գործելակերպին զայն ''շատ դրական - նոր ու անմիջական'' նկատեց ու այս մէկը - աւելցուցած ան- մեզ կը ստիպէ փոխելու մեր գործելակերպը լաւագոյնօրէն մեկնաբանելու մեր մատուցած ծառայութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.