2013-04-19 12:46:29

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նշանակած Է Նոր Մամլոյ Քարտուղար


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 Ապրիլին ստորագրած է հրամանագիր մը, որով իր պաշտօնէն ազատ կացուցած է իր մամլոյ քարտուղար Արմէն Արզումանեանը։
Այլ հրամանագիրով մը նախագահը Արման Սաղաթելեանը նշանակած է Արզումանեանի փոխարէն:
37ամեայ Սաղաթելեանը 1997-1999 թուականներու ժամկէտային զինուորական ծառայութիւն կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուութեան եւ քարոզչութեան վարչութեան մէջ, իսկ 2000-2010 թուականներուն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համակարգին մէջ՝ որպէս քարոզչութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու քաղաքացիական մասնագէտ, «Զինուժ» հաղորդաշարի հաղորդավար:








All the contents on this site are copyrighted ©.