2013-04-19 12:47:14

Յոյն Կաթողիկէ Մելքիթներու Պատրիարքը Սրբազան Քահանայապետէն Կ'ակնկալէ Նախաձեռնութիւն մը Ի Սպաս Սուրիոյ


Յոյն կաթողիկէ մելքիթներու պատրիարքը Սրբազան Քահանայապետէն կ'ակնկալէ նախաձեռնութիւն մը ի սպաս Սուրիոյ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը լաւ կը ճանչնայ արաբական աշխարհը։ Անտիոքի յոյն-մելքիթ կաթողիկէ պատրիարքը գերերջանիկ Գրիգոր Գ. Լահամ 18 ապրիլին հանդիպում ունեցաւ սրբազան Քահանայապետին հետ։ Ան նախքան այդ տեսակցութեան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յատարարած է որ շատ բան կ'ակնկալէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն, որ շատ լաւ կը ճանչանայ արաբական Աշխարհը, թէ իր եկեղեցւոյ համար եւ թէ Սուրիոյ համար։ Նոյնպէս ան մաղթեց որ Սրբազան Քահանայապետը անձնական կապ հաստատէ Արեւելեան Եկեղեցիներուն հետ։ Յայտնենք 20 օր առաջ` Աւագ Ուրբաթ Օրուան առթիւ պատրիարք Լահամը պատգամ մը ուղղած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նախաձեռնութիւն մը որդեգրելով ի նպաստ բոլոր սուրիացիներուն` քրիստոնեայ թէ մահմետական։ Նախձեռնութիւն մը որ ունենայ որպէս կէտնպատակ վերջ դնել զէնքերու կուտակումին, բռնութեան, ահաբեկչութեան, արեւանգումին ու մահուան։ դնելով։ Լահամ պատրիարքը յոյս յայտնած է որ Սրբազան Քահանայապետը մօտ ապագային մէջ ընդունի բոլոր պատրիարքները անսալու անոնց պահանջները








All the contents on this site are copyrighted ©.