Մէկ Ամիս Առաջ Տեղի Կ՛ունենար Ֆրանչիսկոս Պապի Գահակալութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 11-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Էգուատորի
հանրապետութեան նախագահը Տիար Ռաֆայէլ Գորրէա Տէլկատօ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Ապա ժամը 11,30 -ին Սրբազան Հայրը ընդունեց Անտիոքի Կաթողիկէ Ասորիներու Պատրիարք` գերերջանիկ
Եուսսէֆ Իգնատիոս Եունանը ու ապա ժամը 12-ին ընդունեց Մոնթէնէկրոյի հանրապետութեան Ս.
Աթոռի մօտ դեսպան` Տիար Անդուն Սպութէկա հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։ Յայտնենք որ Նորին
Սրբութիւնը երէկ հինգշաբթի 18 ապրիլին ընդունած էր նաեւ Անտիոքի Կաթողիկէ Մելքիթներու
Պատրիարք` գերերջանիկ Կրէկորիոս Գ Լահհամը։
Մէկ ամիս առաջ, 19 Մարտին, սուրբ Պետրոսի
հրապարակին վրայ ի ներկայութեան աշխարհէն ժամանած բարձարստիճան եկեղեցական եւ քաղաքական
անձնաւորութիւններու տեղի կ՛ունենար Քահանայապետի գահակալութեան արարողութիւնը, որ սկիզբ
կու տար ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետական ժամանակաշրջանին։ Այս առթիւ Յիսուսեան Միաբանութեան
Գրիգորեան համալսարանի մէջ այսօր` յետմիջօրէին տեղի կ՛ունենայ հանդիպում մը ''ֆրանչիսկոս
Պապը մէկ ամիս ետք'' խորագրով։