2013-04-19 12:46:39

Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Նուիրուած Յատուկ Նիստ Կիպրոսի Խորհրդարանէն Ներս


Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ Ապրիլ 18-ին պիտի գումարուի Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ նիստ, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ հայ խորհրդարանական Վարդգէս Մահտէսեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումներու ծիրէն ներս պիտի կայանայ կիպրահայերու ամենամեայ քայլարշաւը մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ: Երթի մասնակիցները Մակարիոս պողոտայէն պիտի շարժին դէպի Հայաստան անունը կրող փողոց, կանգ առնեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին մօտ, ուր պիտի կայանայ ոգեկոչման արարողութիւնը: Ելոյթ պիտի ունենան հայ խորհրդարանական Վարդգէս Մահտէսեանն ու Կիպրոսի առաջնորդ, արքեպիսկոպոս Վարուժան Հերկելեանը, նաեւ Նիկոսիոյ քաղաքապետ Սթրովոլոս Լազարոս Սաւուիեսը:
Ապրիլ 20-ին հայ համայնքի անդամները արիւն պիտի յանձնեն Կիպրոսի գլխաւոր հիւանդանոցի արեան դրամատան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.