2013-04-19 12:47:24

«Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» Վէպի Ութսունամեակի Նշում Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Մէջ։


Երեւան- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկին եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին կազմակերպութեամբ՝ պիտի նշուի Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» նշանաւոր գիրքին առաջին հրատարակութեան ութսումնասեակը՝ յատուկ ցուցահանդէսով մը։
Ցուցահանդէսին ընթացքին պիտի ներկայացուին վէպին տարբեր տարիներու եւ տարբեր լեզուներով լոյս տեսած տարբերակները՝ աւելի քան 50 հրատարակութիւններ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկին եւ ազգային գրադարանի արխիւներուն մէջ պահպանուած են։
«Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» վէպը կը նկարագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Կիլիկիոյ հայութեան գոյամարտի հերոսական դրուագներէն մէկը, որուն իբրեւ արդիւնք եւ ֆրանսական ռազմանաւերուն շնորհիւ, բնաջնջումէ ազատեցաւ աւելի քան չորս հազար հայ։ Գիրքը իսկապէս կոթողային գործ մըն է, որ իր պատմական արժէքին կողքին ունի գեղարուեստական ուրոյն ոճ։
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկը այս առիթով ՜՜Երախտագիտութիւն՝՝ շարքին մէջ հրապարակած է «Ֆրանց Վերֆել» ոսկի յուշամետալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.