2013-04-19 12:56:29

19 Ապրիլ։ 8 Տարիներ առաջ Սուրբ Պետրոսի Աթոռին Վրայ Կը Բարձրանար Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետը։


19 ապրիլ 2005-ի երեկոյեան, 78 ամեայ կարտինալ Ժոզէֆ Րացինկեր, Հաւատոյ Ժողովի երբերմնի կառավարիչը եւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի մօտիկ աշխատակիցը, կ՛ընտրուէր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 265 րդ Քահանայապետ։ Քահանայապետութեան 8րդ տարին չ՛ամբողջացուցած` անցեալ 28 փետրուարին, Րացինկեր Քահանայապետը, տարիքի բերումով, հրաժարեցաւ ''Պետրոսեան'' աթոռէն, անակնկալի մատնելով համայն աշխարհը։
8 տարիներ առաջ, 19 ապրիլ 2005-ի ժամը 18.43-ին Աւագ Սարկաւագ Կարտինալ` Եորկէ Մէտինա Էսթէվէսը, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ու համայն աշխարհին կը յայտնէր նոր քահանայապետի անունը ''հապէմուս բաբամ'' բացագանչութեամբ'' ապա նորընտրեալ Պենետիկտոս ԺԶ-ը հետեւեալ խօսքերը կ՛արտասանէր. ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, մեծն Յովհաննէս Պօղոս Բ սրբազան Քահանայապետէն ետք, կարտիալները ընտրեցին զիս, հեզ ու խոնարհ աշխատաւոր մը` Տիրոջ այգիին մէջ։ Այդ իրողութիւնը թէ Տէրը գիտէ ինչպէս աշխատիլ նոյնիսկ անբաւարար գործիքներու միջոցաւ, ինծի համար մխիթարանք է, արդ` ձեր աղօթքներուն կը յանձնուիմ Յարուցեալ Քրիստոսի ուրախութեան մէջ. Անոր մշտատեւ օգնութեան վստահելով։ Յառաջ ընթանանք, Տէրը մեզի կ՛օգնէ եւ Մարիամ` Անոր Սուրբ Մայրը մեր հետն է։ Շնորհակալութիւն։
Պենետիկտոս ԺԶ այս օրերուն տակաւին կը գտնուի Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց, ուր կ՛ապրի աշխարհէն ծածուկ կեանք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.