2013-04-18 12:54:21

Միջազգային Համագումար Աւստրիոյ Մէջ։


՜՜Վանականութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ նիւթին մասին
Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքի համալսարանին մէջ, 14-17 Ապրիլ, տեղի ունեցաւ «Վանական կեանքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ» միջազգային համագումարը, որուն կազմակերպութեան մէջ գործակցած էին Ս.Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։
Կիրակի, 14 Ապրիլին, Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ կատարուած՝ պենետիքթեան երեկոյեան ժամերգութեամբ սկիզբ առաւ Համագումարը։ Երկուշաբթի, 15 Ապրիլին, համագումարը դասախօսութիւններով եւ քննարկումներով շօշափեց «Հայ վանականութեան տիպերը» թեման։
Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին համագումարին մասնակցեցաւ եւ դասախօսեց Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ եւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց» նիւթի մասին։
Երեքշաբթի, 16 Ապրիլին, հայ եւ օտար հոգեւորական դասախօսներ ներկայացուցին «Վանականութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ» ու «Վանական կազմաւորումը» նիւթերը։
Չորեքշաμթի, 17 Ապրիլին, դասախօսներ եւ հիւրեր այցելեցին Սալզպուրկի այրերու եւ կիներու պենետիքթեան վանքերը ու մօտէն ծանօթացան Աւստրիոյ կաթողիկէ վանական կեանքին։ Նոյն երեկոյ, հայկական երեկոյեան ժամերգութիւն կատարուեցաւ տեղւոյն փոքրաթիւ համայնքին համար, որուն ընթացքին քարոզեց Նարեկ Սրբազան։








All the contents on this site are copyrighted ©.