Մեծ Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւնը երկրի նախկին
վարչապետներէն Մարկրիթ Թաչըրի, որ ուղեղի կաթուածէն մահացած էր Ապրիլ 8-ին՝ 87 տարեկանին,
կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: Սգոյ արարողութեան ներկայ եղած է աւելի քան 2 հազար մարդ,
ինչպէս` Եղիասաբեթ Երկրորդ թագուհին` ամուսինին հետ, գործող վարչապետ Տէյվիտ Քեմերոն,
մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ՝ ինչպէս Մեծ Բրիտանիայէն, այնպէս ալ այլ երկիրներէ: Ս.Պօղոսի
տաճարին մէջ հոգեհանգիստի արարողութենէն առաջ Թաչըրի աճիւնը ամփոփող դագաղը շրջած են
Լոնտոնի փողոցներով: Ս.Պօղոսի տաճարին մէջ յուղարկաւորութեան կարգէն ետք Մարկրիթ Թաչըրի
մարմինը տեղափոխուած է Չելսիի թագաւորական զինուորական հիւանդանոցին առընթեր գերեզմանատուն,
ուր ան կը դիակիզուի եւ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ կը թաղուի անոր ամուսինին` Տենիս
Թաչըրի շիրմի կողքին: