2013-04-18 12:17:30

Լիբանանի Ճատրակի Ախոյեանութեան Նոր Նուաճումներ


Մեսրոպեան վարժարանը Լիբանանի ճատրակի 2013-ի տարիքային անհատական ախոյանութեան մէջ արձանագրած է մեծ յաջողութիւններ:
10 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ մեսրոպեանական Նանօր Առնելեան հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան, մինչ 12 տարեկանէն վար տղոց ախոյանութեան տիրացած է Ճիօ Գալուստ: Մրցումին, Մեսրոպեան վարժարանէն նաեւ՝ մասնակցած էին Յակոբ Թերզեան, Յովսէփ Գիրազեան եւ Կարօ Գալֆայեան:
Այս յաջողութիւնը իրականացած է շնորհիւ աշակերտ-ծնողք-ուսուցիչ գործակցութեան, բծախնդիր աշխատանքին եւ հետեւողական մօտեցումին: Մեծապէս գնահատելի է նաեւ վարժարանի արտադասարանային խումբերու ճատրակի խումբի ուսուցիչ պրն.Էլի Հուլիշեանին դերակատարութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.