2013-04-18 11:31:27

«Ասատի Հեռացումը Պէտք Չէ Առաջնահերթութիւնը Ըլլայ, Որովհետեւ Անմեղ Զոհերու Պատճառ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Լաւրով


Երէկ Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ահմեթ Տաւութօղլուի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Լաւրովի հետ քննարկեցինք Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը եւ ատոր ունենալիք դերակատարութիւնը»` նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրներու դրութիւնը ջնջուած է եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար տնտեսականը ամրապնդելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «սուրիական տագնապը մեծապէս կ՛ազդէ Թուրքիոյ վրայ», իսկ «սուրիական տագնապը կը շարունակուի վարչակարգին բրտութեան պատճառով»` նշելով, որ «սուրիական բանակը թրքական հողերը ռմբակոծեց»:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է Սուրիոյ մէջ արեան բաղնիքը դադրեցնէ եւ սուրիացի ժողովուրդի կամքին աջակցի», ըսաւ ան` շեշտելով, որ «Սուրիան սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի եւ ոչ թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին»: «Սուրիական հարցին շուրջ Ռուսիոյ եւ այլ կողմերու հետ պիտի խորհրդակցինք», ըսաւ Տաւութօղլու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիոյ ապահովական կացութիւնը իր եւ ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդէ»` նշելով, որ «որեւէ երկրի մէջ խնդիրները այլ երկիրներուն վրայ կ՛ազդեն, եւ ոչ ոք կ՛ուզէ Սուրիոյ մէջ պատերազմը շարունակել»: Ան այն համոզումը յայտնեց, որ «քաղաքական քննարկումը լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.