Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 17 ապրիլին, ընդունելով Ավստրալիայի Սիտնէյի
Սուրբ Մարոնի Թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Ատ Ապիքարամի ներկայացուցած հրաժարականը, անոր
տեղ անուանեց Հայր Անթուան Թարապայը որ մինչեւ օրս կը վարեր Սիտնէյի Սան Շարպել Վանքի
մեծաւորի պաշտօնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա Հայր Հապիպ Շամիէն անուանած է որպէս
Պուէնէս Այրէսի Մարոնիներու Սան Շարպել թեմի առաքելական մատակարար անոր շնորհելով եպիսկոպոսական
կարգ։ Սրբազան Հայրը հուսկ գերապայծառ Միքայել Պանախը անուանած է որպէս Նոր Կինէյի առաքելական
դեսպան։