2013-04-17 11:54:13

''Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' Հիմնադրութիւնը


''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հիմնադրութիւնը կլոր սեղան կազմակերպած է կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ նիւթին մասին եւ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները։
Կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ անել կացութե՞ան մէջ է, կը հարցադրէ ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' եկեղեցական հիմնադրութիւնը, որ անցեալ 12 ապրիլին կլոր սեղան մը կազմակերպած է Փարիզի մէջ։ Կլոր սեղանին մասնակցած են քրիստոնեայ եւ մահմետական կրօնապետեր ու քաղաքական անձնաւորութիւններ եկած աշխարհի զանզան երկիրներէն։ ''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' միջազգային կազմակերպութիւնը ունի որպէս կէտնպատակ պաշտպանել հալածուած քրիստոնեաները աշխարհի մէջ եւ տարեկան իր տեղեկագիրը կը հրապարակէ կրօնական ազատութեան խախտումներու մասին, մասնաւորապէս մահմետական աշխարհի երկիրներու մէջ։ Նշենք որ կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ կլոր սեղանը վերջ գտաւ Փարիզի մայր տաճարի մէջ աղօթքի հսկում կատարելով աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.