2013-04-17 11:54:01

Սուրիան Պիտի Դադրի Գոյութիւն Ունենալէ» Կ՛ըսէ Մըքտատ Եթէ Ասսատ Իշխանութենէն Հեռանայ


Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Սուրիա քարտէսէն պիտի ջնջուի, եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հիմա իշխանութենէն հեռանայ: Ան «նոր գաղութատէրներ» Բրիտանիան եւ Ֆրանսան ամբաստանեց իր երկրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմի մագլցումի արձանագրման համար ուղղակի կամ անուղղակի կերպով Քայիտային աջակցելու յանցանքով:
«Ասատ իշխանութենէն պիտի չհեռանայ, եւ Սուրիա պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ ու քարտէսէն պիտի ջնջուի, եթէ Ասատ հիմա` նախքան բոլոր սուրիացիներուն միջեւ քաղաքական ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը հեռանայ», ըսաւ ան:
Մըքտատ յայտնեց, որ Յորդանան վտանգաւոր խաղ կը խաղայ, երբ կ՛արտօնէ իր հողերուն ճամբով Սուրիոյ մէջ ապստամբ խմբաւորումներու զէնքի մատակարարումը: Ան յոյս յայտնեց, որ Յորդանան յաւելեալ չափով չներգրաւուի Սուրիոյ տագնապին մէջ, որովհետեւ այն խմբակները, որոնք Սուրիոյ մէջ անմեղներ կը սպաննեն, իր հողերուն վրայ եւս ներկայ են:
Ինչ կը վերաբերի քիմիական զէնքերու օգտագործման, ան յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը որեւէ կասկած չունի, թէ ընդդիմադիրները Հալէպի մօտ գտնուող Խան Ասալի մէջ օգտագործած են այդ զէնքերը, «եւ համաձայն պիտի գտնուինք միայն ՄԱԿ-ի կողմէ իսկական հետաքննութեան մը, Իրաքի մէջ (հաւաքական զէնքերու քանդումի հարցով) պատահածին կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար»:
Մըքտատ Իսրայէլը ամբաստանեց Սուրիոյ տագնապին միջամտելուն համար` նշելով, որ Յորդանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող Տարաա նահանգին մէջ Մոսատի գործակալներ սպաննուած են







All the contents on this site are copyrighted ©.