2013-04-17 11:54:20

Հարաւային Քուրիայի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Հաւաքը


Հարաւային Քուրիայի Մէջ Տեղի պիտի ունենայ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ հաւաքը` հակառակ միջուկային պատերազմի սպառնալիքի։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը վերապետուելի Օլավ ֆիքս Տվէյթ վերահաստատած է իր նախընտրութիւնը Պուզան քաղաքին մէջ գումարել եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ հաւաքը հակառակ միջուկային պատերազմի սպառնալիքին։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը իր այս ընտրութիւնը վերահաստատեց քանի Հարաւային Քուրիայի մէջ քրիստոնէութիւնը արաքընթացք կը տարածուի Վերապատուելին միաժամանակ կոչ ուղղած է հիւսիսային Քուրիայի վերատեսելու միջուկային քաղաքականութիւնը։ Հաւաքին բնաբանն է` կեանքի Աստուած ուղղէ մեր քայլերը դէպի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն''։ Պուզան ծովեզերեայ քաղաքը կը հաշուէ շուրջ 4 միլիոն բնակիչ։ 1953-ի պատերազմէն ետք Քրիստոնէութիւնը տնտեսութեան հետ միասին շուտով ծաւալեցաւ։ Երկրի բնակչութեան 19 տոկոսը աւետարանական են իսկ 11 տոկոսը կաթողիկէ։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի վերջին հաւաքը տեղի ունեցաւ 2006 Պրազիլի Փորթօ Ալեկրէ քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.