2013-04-16 15:34:17

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ցաւակցական Հեռագիրը Պոսթընի Արքեպիսկոպոսին։


Ի լուր Պոսթընի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ստորագրութեամբ, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղած է Պոսթընի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Սին Օ՛Մալլէյի որուն մէջ Սրբազան Հայրը յայտնած է իր համակրանքն ու աղօթքները։ Ի տես այս անիմաստ ողբերգութեան Նորին Սրբութիւնը Աստուծմէ կը հայցէ մեռեալներուն հոգիներուն համար հանգիստ եւ սփոփանք տառապողներուն։ Սրբազան Հայրը ապա մաղթանք յայտնած է որ բոլոր Պոսթընի քաղաքացիները միացած մնան ու յաղթահարեն չարը ու աշխատին կառուցելու արդար ու ապահով ընկերութիւն մը եկող սերունդին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.