2013-04-16 15:10:44

Վատիկանի Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդը


Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի ''Ոչ հաւատացեալներու գաւիթը'' որ սկիզբ առաւ 2011-ին, յառաջիկայ մայսին, առաջին անգամուան համար Եւրոպայի ցամաքամասէն դուրս կ'ելլէ կայան հաստատելու Մեքսիքոյի մէջ, ունենալով որպէս կէտնպատակ երկխօսութիւն հաստատել հաւատացեալի եւ ոչ-հաւատացեալի միջեւ։ Կարտինալ Ռավազի` նախագահը Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի կը մասնակցի նախատեսուած երկու կլոր սեղաններու։ Առաջինը ունի որպէս բանակցութեան նիւթ ''աշխարհականութիւնը եւ վերանցականութիւնը'' իսկ եկրորդը հանդիպում մտաւորականներու հետ, Մեքսիքոյի ազգային ինքավար համալսարանի մէջ` մեծագոյնը ամերիկեան ցամաքամասի։
''Ոչ հաւատացեալներու գաւիթը'' Մեքսիքոյի զանազան քաղաքներուն մէջ կ'առաջարկէ զանազան հանդիպումներ հայող ''մշակոյթի հովուութեան'' ու ''դաստիարակութեան կարեւորութեան'', ընկերութեան մը մէջ որ յատկանշուած է ընկերային հարցերով սկսեալ թմրեցուցիչի հարցէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.