Պէյրութի Տեղեկատուութեան եւ Վաւերագրութեան Կաճառի Ուսանողներու Այցը Զմմառու Վանք։
Պէյրութի Լիբանանեան Համալսարանի Faculté d’Information et Documentation-էն, 16 ուսանողներու
խումբ մը, հինգշաբթի 11 Ապրիլին, այցելեցին Զմմառու վանք, ընկերակցութեամբ՝ Հ. Փօլ Ազզիի,
դասատու սոյն համալսարանի մէջ։ Հիւրերը յաջորդաբար այցելեցին վանքի եկեղեցին, մատենադարանը
և թանգարանը, առաջնորդութեամբ՝ Վանքի Ներքին Մատակարար՝ Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեանի: