2013-04-16 10:04:02

Մակ Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցող Դէպքերուն Առնչութեամբ


ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով ընդհանուր ներկայացուցչութիւնը յայտնեց, որ խորապէս մտահոգ է Հարաւային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող օդային եւ հրետանիով ռմբակոծումներէն, որոնք յաւելեալ սուրիացիներ կը մղեն ապաստանելու Յորդանան, ուր շուրջ կէս միլիոն սուրիացիներ ապաստանած են:
Ներկայացուցչութեան ներկայացուցիչ Անտրիւ Հարփըր արաբ եւ օտար դեսպաններու Յորդանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու Իմարաթի գաղթակայան այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Յորդանան կը պատսպարէ 500 սուրիացի գաղթականներ, որոնցմէ 400 հազարը ներկայացուցչութեան մօտ արձանագրուած են: Ան կոչ ուղղեց Յորդանանին յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու, որպէսզի կարենայ սուրիացի գաղթականներու հոսքի շարունակումը դիմակայել:
ՄԱԿ կը նախատեսէ, որ Յորդանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թիւը այս տարուան վերջաւորութեան հասնի 1.2 միլիոնի: Յորդանան իր կարգին երէկ յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 3237 սուրիացի գաղթականներ մուտք գործած են Յորդանան:
Մինչ այդ, Յորդանանի պետական ապահովութեան դատարանին մէջ ընթացք առաւ դատավարութիւնը չորս սուրիացիներու, որոնք անցեալ սեպտեմբերին ձերբակալուած էին ապօրինի կերպով Յորդանան մուտք գործելու փորձի ընթացքին: Անոնք իրենց մօտ կը պահէին ռումբեր եւ 13 ձեռնառումբեր, 12 պայթուցիչներ, «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ եւ զինուորական այլ իրեր:
Դատարանը սուրիացիները ամբաստանեց առանց արտօնագիրի պայթուցիկ նիւթեր ունենալու համար, ապա նիստը յետաձգեց 29 ապրիլին` առիթ ընծայելու համար, որ անոնք պաշտպան փաստաբան մը նշանակեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.