2013-04-16 14:24:09

«Լիբանանի Սրբավայրեր» Յանձնախումբի 31-րդ ժողովը,


Ուրբաթ 12 Ապրիլին, Պաթրունի լեռնային կողմերը 1897-ին կառուցուած
Ս. Յովսէփ վանքին մէջ, կայացաւ «Լիբանանի Սրբավայրեր» Յանձնախումբի
31-րդ ժողովը, մասնակցութեամբ տարբեր միաբանութիւններու 13 կրօնաւոր և
կրօնաւորուհիներու և 2 աշխարհականերու:
Այս վանքին մէջ ապրած է մարոնիթ միաձնուհին՝ Սրբուհի Ռաֆքան, որուն դամբանը կը գտնուի առանձին մատուռի մը մէջ, ուր այցելու ուխտաւորներ չեն դադրիր յաճախելէ:
«Լիբանանի Սրբավայրեր» Յանձնախումբը մաս կը կազմէ միջազգային
սրբավայրերու կազմակերպութեան, որուն պատկանող ամէն անդամ պէտք է
հետեւի անոր օրէնքներուն, որոնց համեմատ սրբավայրերէն ներս հարկ է որ Ս.
Պատարագ մատուցուի տօնական օրերուն և այլ բարեպաշտական աղօթքներ
կատարուին և ուխտաւորներուն հայթաթուին աղօթագիրքեր:
Օրուայ ժողովին գլխաւոր նիւթն էր «Օրհնութիւններու Գիրք»ը: Ան կ'ընդգրկէ
զանազան օրհնութիւններ և աղօթքներ, որոնց ուխտաւոր մը կրնայ պէտք
ունենալ, օրինակ՝ հիւանդի աղօթք, մանուկներու համար աղօթք, հագուստի,
ջուրի օրհնութիւն, և այլազան աղօթքներ, որոնք ընդհանուր առմամբ մարօնիթ,
բիւզանդական և լատին ծէսերէն առնուած են: Սոյն գրքոյկը արդէն պատրաստ է և մօտ ատենէն պիտի լոյս տեսնէ: Իսկ Լիբանանի 175 կարեւոր ուխտավայրերը ընդգրկող գիրքը. «Լիբանանի Սրբավայրերը Ճանապարհդ դէպի Քրիստոս» պիտի թարգմանուի անգլերէնի, օտարերկրեայ լիբանանցիներուն համար, որոնք յաճախ կ'այցելեն Լիբանան: Ժողովին նիւթ եղան նաեւ աւելորդապաշտութեան տանող չափազանցութիւնները, ինչպէս ինքնաշարժ և անասուն օրհնելը: Ժողովին մէջ՝ քննարկուեցաւ նաեւ Սրբավայրերու միացեալ կայքէջ մը բանալու ծրագիրը, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի ուխտատեղիներու մասին բաւարար տեղեկութիւններ ստանալ:
Այս տարի, Յունիս 1-էն 16 , Տիրամօր Մայրի ծառի փայտեայ մեծ արձանը պիտի
շրջագայի Լիբանանի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը: Նման դէպք մը պատահած է
1954-ին: Արձանը թափօրով պիտի անցնի ամէն գիւղ կամ շրջան ու կանգ պիտի առնէ տեղւոյն եկեղեցիին մէջ: Այս առթիւ՝ Լիբանանի չորս Կաթողիկէ Պատրիարքները յաջորդաբար պատարագ պիտի մտուցանեն Հարիսայի Պազիլիքին մէջ, իսկ հայ ծէսով Հայրապետական Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Յունիս 10-ի՝ երեկոյեան ժամը 6-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.