2013-04-15 11:41:22

«Սուրիական Տագնապը Սկսած Է Վտանգել Յորդանանի Ազգային Անվտանգութիւնը» Կ՛ըսէ Յորդանանի Վարչապետը


Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ սուրիական տագնապը սկսած է վտանգել Յորդանանի ազգային անվտանգութիւնը` հերքելով, որ Յորդանանի մէջ սուրիացիներու կամ օտար բանակներու մարզումի կեդրոններ գոյութիւն ունին: Ան խորհրդարանին մէջ վստահութիւն ստանալու համար իր կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին նշեց, որ սուրիական տագնապը պիտի շարունակուի, «ինչ որ Յորդանանի վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»:
Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապն ու ատոր հետեւանքները հասած են այնպիսի հանգրուան մը, որ Յորդանանի ազգային անվտանգութեան համար սպառնալիքի վերածուած են:
Յորդանանի վարչապետը յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է ներկայանալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` արծարծելու համար իր հողերուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներու հարցը: «Կ՛ուզենք աշխարհը սուրիացի գաղթականներուն առնչութեամբ միջազգային ուղղուածութիւն մը գոյացնելու իր պարտաւորութեան առջեւ դնել», ըսաւ ան:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Քայիտայի ղեկավարութեան տակ մտնելու մասին «Ժապհաթ Նուսրա»-ի յայտարարութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին շահերուն կը ծառայէ: Մարմինը «Ժապհաթ Նուսրա»-ին կոչ ուղղեց «սուրիական ազգային դասին մէջ» մնալու:
Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոպ Քար յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի շարքերուն մէջ կռուող աւստրալիացիները «Աւստրալիոյ դէմ հաւանական վտանգ մը կը ներկայացնեն»: Ան նշեց, որ իր կառավարութիւնը ստացած է տեղեկութիւններ, թէ սուրիական վարչակարգին դէմ կռուող աւստրալիացիները կրնան ահաբեկչական կազմակերպութեանց անդամակցած ըլլալ: Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ կռուող արեւմուտքցի իսլամականներու թիւի աճին առնչութեամբ: Օրաթերթը հաղորդեց, որ Լոնտոնի Քինկզ Քոլեճ համալսարանէն հետազօտողներու գնահատմամբ սուրիական ընդդիմութեան միացած են 2000-էն 5500 օտար զինեալներ, որոնց 7 կամ 11 առ հարիւրը Եւրոպայէն եկած են:
Իրաքի փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուայէն Դամասկոս ուղղուող սուրիական օդանաւ մը խուզարկած է` աւելցնելով, որ օդանաւը 42 ճամբորդներ կը փոխադրէր եւ անոր մէջ որեւէ արգիլեալ բան չէ գտնուած:
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ուրբաթ օր Պոլսոյ հաշտարարութեան 2-րդ միջազգային համագումարի նիստին ընթացքին յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ չկրցանք յաջող հաշտարարութիւն կատարել: 10 ամիս ճիգ վատնեցինք, աշխատեցանք, որպէսզի Ասատը համոզենք իր ժողովուրդին դէմ զինուորական ուժ չգործածելու: Սուրիոյ մէջ միակ լուծումը ընդունիլն է, որ ժողովուրդը ինք պէտք է ճշդէ իր ճակատագիրը: Մենք իբրեւ դրացի երկիր կ՛ուզենք Սուրիոյ ժողովուրդին օգնական ըլլալ: Պէտք է համաձայնութիւն մը գոյանայ: Սակայն ՄԱԿ-ը մինչեւ այսօր Սուրիոյ մասին որոշում չորդեգրեց, ասոր հաշուեցուցակը Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ կը վճարէ, ու նաեւ մենք եւ դրացի միւս երկիրները»:
Ան նաեւ ըսած է, որ «բոլորս ալ կ՛աշխատինք ի նպաստ շրջանային հաշտութեան ու խաղաղութեան: Հաշտարարութեան խնդիրի մէջ անհրաժեշտ է որդեգրել նոր մօտեցում մը: Թուրքիա ինչո՞ւ այսքան գործօն հաշտարար դեր կը կատարէ իր շրջանին մէջ: Որովհետեւ Թուրքիա այս երկիրներուն հետ պատմական կապեր ունի: Այդ երկիրներն ալ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ եղբայր պետութիւն: Ասիկա Թուրքիոյ վրայ պատասխանատուութիւններ կը բեռցնէ: Մենք բոլոր այս հաշտարարութիւններէն շահ մը ձեռք բերելու նպատակ չենք հետապնդեր: Այս պարտականութիւնը կը կատարենք, որովհետեւ կ՛ուզենք, որ մեզ շրջապատող երկիրները խաղաղ ըլլան: Եթէ շուրջդ խաղաղութիւն չկայ, դուն ալ չես կրնար խաղաղ ըլլալ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.