2013-04-13 11:57:27

Կիւլպենկեան Հիմնարկի Ներկայացուցիչի Այցը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Պէյրութ- Ուրբաթ, 12 Ապրիլի առաւօտեան (ժամը 11.30-ին) Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, ընդունեց Կիւլպենկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ պարոն Ռազմիկ Փանոսեանը: Հանդիպումին ներկայ էին Գերյարգելի հայր Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան, Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Պրն. Կրէկուար Գալուստ: Բարիգալուստի խօսքերէն ետք, պարոն Փանոսեան դիտել տուաւ որ իր Լիզպոնի գրասենեակէն դուրս ելլելով ուզած է տեղւոյն վրայ տեսնել այն իրականութիւնները, որոնց հետ պատմականօրէն կը գործակցէր այս հիմնարկը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշեց թէ՝ Կիւլպենկեան հիմնարկը, հայ կաթողիկէ հաստատութիւններուն հետ ճոխ անցեալ մը ունի, ապա թուեց այն բոլոր հայ կաթողիկէ լիբանանեան հաստատութիւնները, որոնք օգտուած են սոյն հիմնարկէն: Հոգեւոր Տէրը նշեց նաեւ այլ նոր նախաձեռնութիւններ, որոնք իրականացան հայ կաթողիկէ աշխարհէն ներս, վերջին տարիներուն, եւ անոնք ալ Մեսրոպեան վարժարանի ամառնային «Ովասիս»-ն ու «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոն»-ն են, եւ Հիմնարկի տնօրէն պարոն Ռազմիկին ուշադրութեան յանձնեց անոնց տարած աշխատանքները:
Ապա Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը՝ Պրն. Կրէկուար Գալուսր ներկայացուց հայկական դպրոցներու մէջ տիրող դժուար կացութեան առարկայական համայնապատկեր մը: Իր կարգին, Կիւլպէնկեանի տնօրէնը՝ Պրն Ռազմիկ Փանոսեան յայտնեց թէ ճգնաժամային հարցերուն դիմաց ինք որոնումի մէջ է հաստատ եւ երկարատեւ լուծումներու, ապա աւելցուց թէ ան կը փափաքի նոր գործելակերպ որդեգրել, եւ աւելի յատուկ ծրագիրներու ուշադրութիւն դարձնել:
Այցելութեան ընթացքին պարոն Փանոսեան Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց Գլոտ Մութաֆեանին երկու հատորներով Հայաստանի մասին պատկերազարդ աշխատասիրութիւնը:
Այս սիրալիր մթնոլորտին մէջ, Հոգեւոր Տէրը յոյս յայտնեց մօտ ապագայի գործակցութեան, որ միայն բարիք կրնայ ընել նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութեան: Ապա վարդապետներուն եւ պարոն Գալուստին ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքարանին հիւրը այցելութիւն մը կատարեց Մեսրոպեան Վարժարան, ուր նաեւ անպաշտօն կերպով հանդիպեցաւ աշակերտութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.