2013-04-13 09:54:39

Կարտինալ Բիաչենցայի Գնահատումով Այսօրուան Քահանան Կանչուած է Ըլլալու Հոգեւոր Հերոս Մը։


ֆրանսական ''քրիստոնեայ ընտանիքը'' շաբաթաթերթին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալ Բիաչենցան` կառավարիչը կղերի ժողովին ներկայ մեր ժամանակներու քահանայ կանչուած է ըլլալու ''հոգեւոր հերոս մը''։ Ան ամէնէն առաջ կանչուած է ըլլալու առաքեալ մը եւ ոչ թէ պաշտօնեայ մը մեծ ձեռնարկի մը։ Ներկայ կաթողիկէ եկեղեցին կը գտնուի մեծ յեղաշրջումի մը մէջ։ Պէտք է արթննայ իր քաղջ վիճակէն հաւատքի խորացումի ու ապրումի շնորհիւ։ Հոգեւորականը կանչուած է հարցադրելու իր իսկական կոչումին մասին` ըլլալ Աւետարանի քարոզիչը։ Քահանան պէտք է խոր գիտակցութիւն եւ համոզում ունենայ իր կոչումին հակասդելու համար ընկերութեան աշխարհային դատումներու, ինչպիս են ինքնագոհացումը, ինքնագովասանքը եւ իշխանութեան մարմաչը։ Մինչ հգուորականէն կը խնդրուի հոգեւորապէս հզօր ըլլալ որպէսզի կարողանայ յառջատանիլ Եկեղեցւոյ նաւը հակառակ հովին ու հոսանքներու, աշխարհի մը մէջ յատկանշուած սանձարձակ սեռականութեամբ, անկաշկանդ տնտեսութեամբ եւ ամոլի եսապաշտութեամբ։ Հոգեւորականը ընդհակառակը պէտք է ըլլայ ողջախոհութեան, աղքատասիրութեան ու եղբայրսիրութեան մարդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.