2013-04-13 12:03:38

Ամեն. Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Ընդունեց Անթիլիասի Կաթողիկոսարանէն Պատուիրակութիւն մը։


Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2013, առաւօտեան ժամը 10-ին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց գերաշնորհ Նարեկ եպիսկոպոս Ալեյէմեզեանը եւ Պր. Խաչիկ Տէտէեանը, որոնք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեցին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին նամակը առընչուած հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքներուն կապակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.