2013-04-13 10:29:51

2013-ը՝ Հայ Մօր Տարի Հռչակուած Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ.
Հայ մայրը. ու արդի հայ մօր դերը...


Սկիզբէն ի վեր, հայ աղջիկը ի վերուստ ստացած է մայրական դերի վեհ ու նուիրական կոչումը։ Կրնանք ըսել որ՝ իրենց ծնած րոպէէն իսկ, աղջիկներ կը ստանան մայր դառնալու հաւանականութիւնը, երկնատուր շնորհքը։
Հայ ժողովուրդի կեանքի պատմական հանգրուաններուն, մայրեր ունեցած են տարբեր դերեր եւ պատասխանատուութիւններ։
Արդի մայրը, Միջին Արեւելքի փոխուող ընկերային կարգուսարքին մէջ, ստանձնած է կարգ մը նոր պարտականութիւններ՝ որպէս խորհրդատու եւ առաջնորդ, պատրաստելու համար 21-րդ դարու սերունդները, աղջիկներն ու տղաքը։
Ան հետամուտ կ՝ըլլայ որ զաւակը՝ մանչ թէ աղջիկ, ստանայ դաստիարկութիւն մը որ զինք դարձնէ անկախ, ստեղծագործ եւ ինքնավստահ։
Անցեալին, աղջիկներու տրուած դաստիարակութեամբ՝ պէտք էին անոնք ՜՜յարմարելու, համբերելու եւ տոկալու՝՝ կարողութիւն ունենալ, այսինքն՝ հօրենական տան մէջ, (միշտ անցեալին) անոնք կախեալ եղած են ծնողներէն. իսկ ամուսնութենէն ետք՝ ամուսիններէն։
Մէկ խօսքով՝ որպէս անկախ անհատականութիւն չեն դրսեւորուած անոնք, եւ կամ իրենց տրուած դաստիարակութիւնը չէ օգնած որ դրսեւորուին։
Սակայն արդի կեանքի պայմանները կը պարտաւորեցնեն որ աղջիկները պատրաստուին կրկնակ ասպարէզներու՝ ՜՜մայրութեան եւ զանազան մարզերու մէջ մասնագիտութեան՝՝։
Ներկայիս, հայ կիներէն անոնք որ կը փորձեն ընել այդ երկուքը միատեղ, գիտեն թէ որքան ծանր է այդ կրկնակ դերը համադրել մօր մը կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.