2013-04-12 12:25:41

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։ Սուրբ Գիրքի Քահանայապետական Յանձնախումբի Անդամներուն Հետ Հանդիպում։


Սրբազան Հայրը այսօր` ուրբաթ 12 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց, Իտալիոյ Թոսքանա Մարզի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ 9 եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։ Յայտնենք որ Թոսքանա Մարզի եպիսկոպոսներուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը կ՛աւարտի այսօր յետ միջօրէին Սուրբ Պետրոսի դամբանին վրայ մատուցուած համապատարագի սուրբ արարողութեամբ, մինչ երկուշաբթի 15 ապրիլին սկիզբ կ՛առնեն Իտալիոյ Թրիվէնէթօ Մարզի եպիսկոպոսներուն այեցլութիւնները։

ֆրանչիսկոս Պապը ժամը 12.00-ին Քահանայապետներու սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Սուրբ Գիրքի Քահանայապետական Յանձնախումբի'' 27 անդամներուն'' ու անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ, մատնանշելով յանձնախումբի գումարած տարեկան լիանսիտ ժողովին, շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառ Կէրարտ Միւլլէրի իրեն ուղղած խօսքերուն համար ու ապա անդրադարձաւ Սուրբ Գիրքի կարեւորութեան ընդգծելով թէ ''մեր հաւատքի կեդրոնը միայն գիրք մը չէ այլ ամբողջ պատմութիւն մը, փրկութեան պատմութիւնը որ հիմնուած է անձի մը վրայ` ''Յիսուս Քրիստոս, Աստուծոյ Բանը որ մարմին առաւ''։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց հետազօտական գործունէութիւնը որպէսզի Սուրբ Գիրքի լոյսը ցոլայ հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հայցելով հուսկ Սուրբ Հոգիին շնորհքը` բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.