2013-04-12 11:17:26

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
Մարիամ Մագդաղենացին՝ Յարութեան առաջին աւետաբերը


Մարիամ Մագդաղենացին առաջինը կ՛ըլլայ, որ կը տեսնէ մեռելներէն յարութիւն առած Յիսուսը եւ առաջին աւետաբերը՝ Անոր իսկական յարութեան: Միւս կողմէն, կիները, որոնք իրեն ընկերացած էին մինչեւ գերեզման, շուտով եւ դիւրաւ կը հաւատան Մագդաղենացիին պատմածներուն, բայց Առաքեալները կը դժուարանան ընդունելու կիներուն վկայութիւնը, եւ կը կարծեն որ անոնք ցնորած էին, բայց ապա տակաւ առ տակաւ Յարութեան լոյսը լուսաւորելով խաւարեալ միտքերը՝ բոլորն ալ վերջապէս համոզուեցան Քրիստոսի Յարութեան իրականութեան:
Երբ Յիսուս երեւցաւ Մագդաղենացիին՝ անոր ըսաւ թէ պէտք չէ որ իրեն մօտենար, որովհետեւ դեռ շատ մը ուրիշ առիթներ պիտի ունենար զինքը տեսնելու եւ իրեն յայտնելու իր սիրոյն ցգացումները: Տէրն իրեն պատուիրեց որ փութով երթայ Առաքեալներուն աւետելու ուրախառիթ լուրը:
Մագդաղենացին կը հնազանդի Տիրոջ հրամանին եւ ուրախութեամբ լի միւս կիներու հետ կը վազէ աշակերտներուն մօտ ու կը պատմէ ճշգրտութեամբ ինչ որ տեսած էր եւ լսած Յիսուսի բերնէն իսկ:
Առաքեալները ամենեւին հաւատք չ՛ընծայեցին՝ Մագդաղենացիին եւ անոր ընկերացող կիներուն ըսածներուն: Անոնք հաւատացած էին իրեն այն խօսքին համար թէ Յիսուսի մարմինը գողցուած էր, գերեզմանը դատարկ էր. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին, չենք գիտեր թէ ուր դրեր են (Յով. ի, 2):
Սակայն հիմա որ կը պատմէ ինչ որ տեսած էր իր յատուկ աչքերով եւ լսած էր իր սեպհական ականջներով, անոնք ամենեւին հաւատք չեն ընծայեր անոր ըսածներուն: Որքան մեծ է մարդկային սրտի կարծրութիւնը փրկութեան եւ հոգեւոր կեանքի վերաբերեալ բաներու մէջ: Անոնց անհաւատութեամբը սակայն եւս առաւել կը հաստատուի Յիսուսի իրական Յարութիւնը:
Յարութեան աւետիսին՝ քահանայապետները շփութեան կը մատնուին եւ չեն գիտեր իրենց ընելիքը, կը յանձնարարեն զինուորներուն որ յայտարարեն թէ երբ քունի մէջն էին՝ եկան Վարդապետին աշակերտները եւ գողցան անոր մարմինը: Եթէ քունի մէջ էին իսկապէս, ինչպէ՞ս տեսան աշակերտներուն գողնալը, հարց կու տայ Ս. Օգոստինոս: Միթէ կարելի՞ է որ Առաքեալները գիշեր ատեն գան տապանաքարը տեղեն շարժեցնեն եւ մարմինը փախցնեն, ինչ որ առանց աղմուկի կարելի չէր որ կատարուէր եւ պահակներէն ոչ մէկը անդրադառնար: Եթէ իրական էր գողութիւնը, այդ պարագային յանցաւոր էին պահակները: Եթէ աշակերտները իսկապէս տարած էին իրենց Վարդապետին մարմինը, դժուար չէր գտնելը դարձեալ այդ մարմինին: Հետեւաբար անհեդեդ էր քահանայապներու հնարագէտ թելադրանքը:
Մարիամ Մագդաղենացին մեզի օրինակ կու տայ թէ ինչպէս մերձաւորին օգնութեան փութալու համար պիտի գիտնանք երբեմն խզել մեր խօսակցութիւնը Աստուծոյ հետ: Իր Տէրը գտնելու յոյսը անպարտելի էր, անոր համար ալ ի դերեւ չելաւ, յուսախաբ չեղաւ: Մագդաղենացիին բուռն սէրը Յիսուսի հանդէպ լիուլի վարձատրուեցաւ, եւ հանդիսացաւ առաջինը Յիսուս տեսնելու, Անոր Յարութեան վերահաս ըլլալու եւ դարձաւ առաջին աւետաբեր առաքեալը, վկան Տիրոջ հրաշափառ Յարութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.