2013-04-12 11:13:45

Լիբանանի Ընտրութեանց Ժամկէտները Կ՛առկախուին Մինչեւ Մայիս 19


Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10ի յետմիջօրէին նախագահեց խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապուած բոլոր ժամկէտները առկախուեցան մինչեւ Մայիս 19, ինչպէս նաեւ ջնջուեցաւ օրէնքին վերաբերող թիւ 50րդ յօդուածը, որուն համաձայն՝ թեկնածութիւն առաջադրած անձը կը յաղթէ, եթէ թեկնածութիւն առաջադրելու օրինական ժամկէտը անցնի եւ անոր դիմաց ոչ մէկ մրցակից իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:
Պըրրի շեշտեց, որ այս առկախումին նպատակն է առիթ տալ խորհրդարանին, որ ընտրական համախոհական օրէնք մը վաւերացնէ, «այլապէս՝ բոլորին ներկայութեան կը յայտարարեմ, թէ Մայիս 15ին խորհրդարանը կոչուած է նոր օրէնքի մը յանգելու, նոյնիսկ եթէ ստիպուինք խորհրդարանին մէջ գիշերելու»: Պըրրի աւելցուց, որ այս որոշումը 1960ի ընտրական օրէնքը չի ջնջեր, որովհետեւ օրէնքը միայն օրէնքով կը ջնջուի:
Նոյն օրը, վարչապետ Թամմամ Սալամ աւարտեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները՝ յայտարարելով, որ յանձնառու կը մնայ ազգային շահերու կառավարութեան մը կազմութեան:
Միւս կողմէ, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան հարցերու նախարար Պինալի Ելտըրըմը, որուն հետ քննեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անկէ պահանջեց, որ Թուրքիա յաւելեալ ճնշում բանեցնէ՝ ազատ արձակելու համար Ազազի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները:
Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քանըլին՝ անոր հետ քննելով երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Ուաշինկթընի տրամադրած օժանդակութիւնները՝ լիբանանեան բանակին եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն:
Քանըլի շեշտեց Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.