2013-04-12 11:13:38

«Սուրիոյ Մէջ Տագնապը Յաղթական Կողմ Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Էր.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ տագնապը յաղթական կողմ պիտի չունենայ` նշելով, որ կրնան գոյութիւն ունենալ բազմաթիւ կողմեր, որոնց շահերէն կը բխի շրջանին մէջ անկայունութիւնը:
Ան նշեց, որ «երկար ատենէ ի վեր կը փորձենք Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հանդարտեցնել եւ ամէն անգամ, որ նուազագոյն յոյսի հեռանկարը եւ փապուղիի վերջաւորութեան լոյս երեւի, կարգ մը կողմեր իրենց կարելին կ՛ընեն այդ յոյսը մարելու եւ կացութիւնը մինչեւ յաղթանակ մղուող պատերազմի առաջնորդելու: Յաղթական կողմ մը պիտի չըլլայ»:
Լաւրով յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը, ներառեալ` մեր ճնշումին տակ, բանակցութեան խմբակ մը կազմեց»:
«Ութերու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ իրենց ժողովի աւարտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթին եւ Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ գործակցութեան»: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ի միջոցով սուրիացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու` իրենց ապշանքը յայտնելով արձանագրուած զոհերու թիւին առնչութեամբ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ Քայիտայի գործունէութեան նկատմամբ աչք խփելէն` նշելով, որ Քայիտայի ղեկավարներուն յայտարարութիւնը կու գայ հաստատելու այն, ինչ որ Սուրիա միշտ զգուշացուցած էր: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ «լուրջ մտահոգութիւն» յայտնեց Սուրիոյ նկատմամբ Քայիտայի ցուցաբերած հետաքրքրութեան առնչութեամբ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ 20 ապրիլին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու հերթական ժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ ապագան եւ այն կարեւոր քայլերը, զորս անհրաժեշտ է ձեռնարկել երկրին կայունացման համար: Ան հաստատած է, որ հանդիպումին պիտի մասնակցի նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի:
«Ես արդէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած եմ իմ ամերիկացի գործընկերոջս Ճոն Քերրիի հետ եւ քննարկած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին մանրամասնութիւնները», ըսած է Տաւութօղլու:
Ժողովին պիտի մասնակցին 11 երկիրներ` Թուրքիա, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Գերմանիա, Եգիպտոս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա:
Մինչ այդ, թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի ռուսական դաշնակցային յանձնախումբի նախագահ Վիքթոր Իվանով յայտնեց, որ «աֆղանական հերոյինը Սուրիոյ կայունութիւնը խախտող 20 հազար վարձկան մարտիկներ կը ֆինանսաւորէ»:
Քիմիական զէնքերու տարածման դէմ պայքարի կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդին մէջ Իրանի ներկայացուցիչ Քազեմ Ղարիպ Ապատի յայտնեց, որ «անհրաժեշտ է մարտ ամսուան ընթացքին զինեալներուն կողմէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման հարցը պարկեշտ, թափանցիկ ու անկախ հետաքննութեան ենթարկել»: Ան պահանջեց անմիջապէս ՄԱԿ-ի խմբակ մը կազմել եւ Սուրիա ուղարկել` «արտասահմանէն աջակցութիւն ստացող զինեալներուն կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.