2013-04-12 11:07:58

12 Ապրիլ - 100 օրէն Երիտասարդներու Համաշխարհային Հաւաքը։


100 օրէն սկիզբ պիտի առնէ Րիօ Տէ Ժանէյրօյի Երիտասարադներու Համաշխարհային օրը ու տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ պիտի ժամանեն Պրազիլի ''գեղեցիկ քաղաք''ը ուր կազմակերպչական մեքենան գործի լուծուած է անոնց հիւրընկալութիւնը ապահովցնելու համար։

Րիոյի Թեմի ընտանիքները հրաւիրուած են իրենց տուներու դռները բանալ ընդունելու համար երիտասարդ ուխտաւորները։ Թէեւ վերջնական յայտագիրը տակաւին չէ հրատարակուած, Րիոյի Արքեպեիկոպոսը` գերապայծառ Օրանի Թեմբեսդա յայտարարած է թէ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Րիոյի Երիտսարադներու Համաշխարհային օրուայ ''Գաբոգապանայի'' մէջ տեղի ունենալիք բացման արարողութեան ինչպէս նաեւ ճանպարհ խաչիի եւ եզրափակիչ
Սուրբ պատարագի արարողութիւններուն։
Երիտսարդներու Համաշխարհային օրուայ հաղորդակցութեան տնօրէն` հայր Մարչիօ Քուէյրոզ հաստատած է այն կարելիութիւնը որ Սրբազան Հայրը այցելէ Պրազիլի ''ֆավելա մը - չքաւորներու հիւղավան մը'' ։
Րիոյի Երիտասարդներու Համաշխարհային Հաւաքի բնաբանն է ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը''։ Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 23 - 28 յուլիս 2013։








All the contents on this site are copyrighted ©.