2013-04-11 11:14:14

Ոչ Եւս Է Կարտինալ Անթոնէթթի.


Սրբազան Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը։
Չորեքշաբթի 10 ապրիլի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի Հոգաբարձութեան երբեմնի նախագահ 90-ամեայ Կարտինալ Լորէնցօ Անթոնէթթին իր մահկանացուն կնքեց ։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ 12 ապրիլին իր ծննդավայրի` Նովարայի Թեմի ''Րոմանիա Սէզիա'' եկեղեցւոյ մէջ։
Կարտինալ Լորէնցօ Անթոնէթթիի մահով կարտինալական դասի թիւը 205- է, որոնցմէ 113-ը Քահանայապետ ընտրող կարտինալ եւ 92 -ը ոչ ընտրող։
Ի լուր Կարտինալ Անթոնէթթիի մահուան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Նովարայի Եպիսկոպոսին որուն մէջ յայտնած է իր ցաւը ու յիշած` հանգուցեալին նուիրական աշխատանքը, Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մարզէն ներս ու անոր աւետարանական վկայութեան օրինակելի կենցաղը։ Նորին Սրբութիւնը ապա ապահովելով իր աղօթքները ննջեցեալին ընտանեկան պարագներուն ու ծանօթներուն տուած էր իր առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.