2013-04-11 10:40:42

Իրանի Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 37ի Կը Բարձրանայ


ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Փրէս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10ին 5.6 աստիճան ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ մը հարուածած է հարաւային Իրանը՝ աւելցնելով, թէ մէկ օր առաջ Պուշեհր հիւլէական կայանէն մօտաւորապէս 60 մղոն հեռաւորութեան վրայ տեղի ունեցած 6.3 ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը 37ի բարձրացած է: Վիրաւորուած են 900է աւելի ուրիշներ: Պուշեհր Իրանի առաջին հիւլէակայանն է, որ կառուցուած է ռուս մասնագէտներու կողմէ, որոնց պնդումով՝ անիկա կրնայ դիմանալ աւելի ուժգին ցնցումներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.