2013-04-11 13:14:24

Գանատայի Եպիսկոպոսներու Խորհրդածութիւնը Բնապահպանութեան Մասին։


Եկեղեցին կը բաժնէ աշխարհի մտահոգութիւնը ՜՜Բնութեան Պաշտպանութեան՝՝ ի սպաս։
Ներկայ աշխարհը մտահոգ է ներկայ բնութեան իրավիճակէն։ Եկեղեցին կը բաժնէ այս մտահոգութիւնը, կը կարդանք Գանատայի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբի վաւերաթուղթին մէջ։ Եկեղեցւոյ համար տնտեսական, ընկերային ու բնապահպանութեան հարցերը իրարու հետ սերտօրէն կապուած են։ Հաւատացեալները կանչուած են սատարելու այդ նոր մշակոյթին ծաւալումին։ Որպէսզի բարգաւաճի ՜՜Կեանքի այս նոր մշակոյթը՝՝ հարկ է որ կապի մէջ մնանք (կը կարդանք վաւերաթուղթին մէջ) Աստուծոյ հետ, մենք մեզի հետ եւ արարչագործութեան հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.