2013-04-11 14:17:22

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ , Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Գործադիր Վարչութեան Ժողով, Նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։


Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, երկուշաբթի՝ 8 եւ երեքշաբթի՝ 9 ապրիլին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան տարեկան ժողովը: Երեսուն հոգիներէ բաղկացած սոյն ժողովին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Յայտնենք, որ խորհուրդին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները: Գործադիր վարչութիւնը յաջորդաբար քննեց վարչական, տնտեսական ու ծրագրային բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր: Յատուկ քննութեան նիւթ դարձաւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ շարունակուող կացութիւնը եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Այս ուղղութեամբ զեկուցումներ տրուեցան ու Գործադիր վարչութիւնը շեշտեց մարդասիրական օգնութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ իսլամ համայնքներուն հետ երկխօսութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: Գործադիր վարչութիւնը լսելէ ետք ընդհանուր քարտուղարին զեկուցումը խորհուրդին անցնող տարուան ընդհանուր գործունէութեան մասին, կատարեց իր գնահատանքն ու արժեւորումը` միաժամանակ փոխանցելով իր կարգ մը նկատողութիւնները: Ապա, խորհուրդի զանազան բաժանմունքները ներկայացուցին իրենց գործունէութեան զեկուցումները: Նկատի ունենալով, որ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` Փոլ Ռուհաննան եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ վերջին շրջանին, իր հրաժարականը ընդունելով Գործադիր վարչութիւնը` գործադիր ընդհանուր քարտուղար նշանակեց տոքթ. Միշել Ժալխը: Հանդիպումի աւարտին, Գործադիր վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ընդհանուր կերպով ներկայացնելէ ետք իր աշխատանքին գլխաւոր երեսները, կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան կառչած մնալու իրենց երկիրներուն ու իրաւունքներուն եւ ամրապնդելու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը: Գործադիր վարչութեան յառաջիկայ ժողովը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան դեկտեմբերին` Անթիլիասի կամ Եգիպտոսի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.