2013-04-10 10:17:34

Հ Հ Նախագահին Երդմնակալութեան Արարողութեան, Առաջին Անգամ Գործածուեցաւ Նախագահական Իշխանութեան Խորհրդանշանը


Երեքշաբթի, 9 Ապրիլին 2013 –ին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երկրորդ անգամ հնգամեայ ժամկէտով ստանձնեց նախագահի պարտականութիւնները:
Խորհրդարանի յատուկ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը եւ Սերժ Սարգսեան իր աջը դնելով Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ 7-րդ դարու Վեհամօր Աւետարանին վրայ, արտասանեց նախագահի երդման բնագիրը. «Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը` երդում կու տամ անվերապահօրէն կատարել սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդկային եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի»:Նախագահի երդումէն ետք օրհնութեան խօսք ուղղեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ արհի. հայր Րափայէլ արք. Մինասեան ներկայացուց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսը այս արարողութեան:
Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ձայն տուած ու չտուած քաղաքացիներուն: Ան նշեց, որ գիտէ, թէ այլ թեկնածուներուն ձայն տուածները իրենց քայլով դժգոհութիւն արտայայտած են երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն վերաբերեալ, յստակ ուղերձ յղած են իշխանութիւններուն եւ այդ ուղերձը տեղ հասած է:
Սարգսեան մատնանշեց քանի մը առաջնահերթութիւններ, զորս խոստացաւ կեանքի կոչել: Անոնցմէ առաջինը տնտեսական յառաջընթացն է: Ան Հայաստանի հիմնախնդիրներէն առանձնացուց արտագաղթը, անգործութիւնը եւ աղքատութիւնը:
Իբրեւ երկրորդ առաջնահերթութիւն Սերժ Սարգսեան նշեց իրաւունքի գերակայութեան ապահովումը:
Իբրեւ երրորդ առաջնահերթութիւն Սարգսեան մատնանշեց ժողովրդավարութեան խորացումը: Ան խրատեց 5 տարի առաջուան Հայաստանը բաղդատել այսօրուան Հայաստանի հետ եւ տեսնել տարբերութիւն: Ան յայտնեց, որ եղածով պիտի չբաւարարուի:Նախագահը յայտարարեց, որ պէտք է ապահովել Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան աշխուժ զարգացումը: Ան շեշտեց, որ մրցունակ եւ զարգացման տանող իւրաքանչիւր ներդրումային ծրագիր պիտի ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն աջակցութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.