2013-04-10 15:22:13

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն.


Մխիթար Հերացի
Մեր միջին դարու ամենահռչակւոր բժշկապետն է Մխիթար Հերացի։ Ծնած է Հեր քաղաքը Խոյ գաւառին մէջ. Ան ապրած է 12-րդ դարուն եւ մտերիմ ընկերն եղած է Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Տղայ կաթողիկոսին։ Մանկութենէն սորված է արաբակա, պարսկական եւ հելլենական իմաստասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ աստղաբաշխութիւնը։ Շնորհալին իրեն նուիրած է Յաղագս երկնից եւ զարդուց նորա քերթուածը, իսկ յատուկէն իրեն համար գրած է Յաղագս Աստուծոյ եւ արարածոց բանաստեղծութիւնը, որու տողերուն առաջին գիրերը կը կազմեն հետեւեալ նախադասութիւնը. Մխիթար բժիշկ, ընկալ ի Ներսիսէ զայս բան։
Բժշկական գիտութիւնն ու արուեստը մինչեւ այդ դարը երբեք չէր ծաղկած Հայաստանի մէջ. Յետ Արաբներու հետ շխման մէջ մտնելու, Հայերը սկսան հետաքրքրուիլ այս գիտութեամբ, սակայն արաբական լեզուն խոչընդոտ մըն էր իրենց համար. Երբ Կիլիկիա հասան, հոն շփման մէջ մտան Յոյներու հետ եւ անոնց բժշկական եւ այլ գրութինները կարդալէ ետք է որ կրցանք ունենալ Մխիթար Հերացի մը, որ այս տեսակին մէջ հազուագիւտ հանճար մըն է Հայոց մօտ։
Թէեւ կարգ մը անուններ հայացուցած ենք, ինչպէս Հիբբոգրաթը, որ եղած է Բագրատ, սակայն ընդհանուր առմամբ հայերը պահած են բուժիչ բոյսերու յունական կամ արաբական անունները։
Գրիգոր Տղայ Կաթողիկոսի խնդրանքով է որ Մխիթար կը շարադրէ իր գրութիւնը զոր կը կոչէ Ջերմանց մխիթարութիւն։ Այս տիտղոսը տուած է, իր իսկ բացատրութեամբ, որովհետեւ սոյն գրութիւնը կը մխիթարէ բժիշկը` ուսմամբ, իսկ հիւանդը` առողջութեամբ։ Կը խօսի երեք տեսակ ջերմերու մասին. Բորբոսային եւ անբորբոս ջերմերը - Սուր եւ երկարօրեայ ջերմերը - Նոպայով եւ աննոպայ ջերմերը։
Իր երիտասարդ տարիքէն արդէն Մխիթար միշտ հետամուտ եղած է բժշկական եւ աստղագիտական ուսումներու. Իր ժամանակակիցները զինք կը կոչեն ճարտար բժիշկ, իմաստուն բժշկապետ։ Իսկ Շնորհալի կու տայ իրեն բժշկագէտ եւ աստղագէտ զոյգ տիտղոսները։ Ան հմուտ է պարսկական, արաբական եւ յունական բժշկութիւններուն եւ կը նախընտրէ կոչել իր գրութիւնը` թարգմանութիւն, որպէսզի աւելի արդար ըլլայ, խոնարհաբար ընդունելով որ Հայոց մօտ չկայ հնուց ի վեր բժշկական գիտութեան վերաբերեալ որեւէ մէկ գրութիւն։
Իր լեզուն ալ նոյն շրջանի ժողովրդի խօսած լեզուն է. Պատճառը ինք կու տայ այս լեզուով գրած ըլլալուն. Որպէսզի դիւրահաս ըլլայ բոլոր ընթերցողներուն։ Շարադրութեան թուականն է հայոց 633-ը, որ կ՛ընէ 1184 թուականը։ Ըստ բանասէրներուն` թէեւ Հերացի կը գործածէ թարգմանութիւն բառը իր գրութեան համար, սակայն իրականին մէջ` ան աչքի առջեւ ունենալով օտարլեզուով գրուածները, զանոնք հաւաքած է, կարգի դրած ու իր անձնական դիտողութիւններն ու փոռձառութիւններն ալ աւելցուցած է, ինչ որ զայն կը դարձնէ ինքնուրոյն գրութիւն մը, մանաւանդ հայերէն լեզուով գրուած բժշկական օգտակար գրիք մը։ Գալով իր ժողովրդական լեզուին, ան եւս շատ օգտակար է որպէսզի ուսումնասիրուի նոյն շրջանը խօսուած աշխարհիկ բարբառը, որ անշուշտ գրաբարը, այսինքն գրական լեզուն չէր։
Մխիթարի կը վերագրուի նաեւ Վասն քարանց եւ յատկութեանց նոցա գիրքը։ Ջերմանց մխիթարութիւնը հրատարակուած է առաջին անգամուայ համար Վենետիկի մէջ, 1832-ին։ Մխիթարի անունը պիտի մնայ կապուած հայ բժշկական արուեստին։








All the contents on this site are copyrighted ©.