2013-04-10 10:17:22

«Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Մէջ Բոլոր Տեսակի Բռնարարքները, Ըլլան Անոնք Վարչակարգին, Թէ Ընդդիմութեան Կողմէ Գործուած» Կ՛ըսէ Վենթրել


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Փաթրիք Վենթրել, անդրադառնալով երկուշաբթի օր Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ականուած ինքնաշարժի պայթումին, յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Սուրիոյ մէջ բոլոր տեսակի բռնարարքները, ըլլան անոնք վարչակարգին թէ ընդդիմութեան կողմէ գործուած:
Ան Դամասկոսի ականահարումին ահաբեկչական արարք մը ըլլալուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ «մենք հարցը կը ստուգենք եւ կը փորձենք յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ, միշտ ալ դատապարտած ենք քաղաքայինները թիրախ դարձնող արարքներն ու այսպիսի բռնարարքներու տարածումը»:
Պան Քի Մուն Սուրիոյ կոչ ուղղեց` քիմիական զէնքերու օգտագործման շուրջ հետաքննիչ յանձնախումբին հետ գործակցելու»: Նշենք, որ Դամասկոս երկուշաբթի օր մերժած էր ՄԱԿ-ի մասնագէտներու առաքելութիւնը:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած էր, որ «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը առաջարկած է առաքելութիւնը տեղակայել երկրի ամբողջ տարածքին վրայ, իսկ ատիկա կը հակասէ այս հարցին շուրջ Սուրիոյ նախկին պահանջներուն»:
Մինչ այդ, Իրաքի մէջ Քայիտայի ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատի յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող «Ժապհաթ Նուսրա»-ն իր մէկ թեւն է եւ անոր նպատակը Սուրիոյ մէջ իսլամական պետութիւն հաստատելն է: Ան յայտարարեց, որ այսուհետեւ Իրաքի իսլամական պետութիւն եւ Ժապհաթ Նուսրա անունները չեղեալ կը նկատուին եւ կը փոխարինուին մէկ անունով. «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն»








All the contents on this site are copyrighted ©.