2013-04-09 12:45:41

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի Ցաւակցական Հեռագիրը Անգլիոյ Վարչապետ՝ Տիկին Մարկարետ Դաչերի Մահուան Ի Լուր։


Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ, յանուն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Անգլիոյ վարչապետ Դաւիթ Գամերոնին, ի լուր՝ երբեմնի վարչապետ տիկինՄարկարետ Դաչերի մահուան, (որ պատահեցաւ երէկ՝ 8 ապրիլին) ։ Ցաւակցագիրին մէջ կը կարդանք. ՜՜Սրբազան Հայրը, կը գնահատէ հանգուցեալին քրիստոնէական արժէքները, որմէ ան ներշնչուեցաւ ղեկավարելու իր երկիրը։ Հանգուցեալին հոգին կը յանձնենք Աստուծոյ ողորմութեան, եւ կ'աղօթենք անոր ընտանեկան պարագաներուն ու Անգլիոյ ժողովուրդին համար՝՝ ։
Նոյնպէս, Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցին, իր ցաւը կը յայտնէ Տիկին Դաչերի մահուան ի լուր։ Ան երկար տարիներ իր ազգին համար ծառայեց, թէ որպէս ազգային ժողովի անդամ եւ թէ որպէս վարչապետ, այսպէս յայտարարեց արքեպիսկոպոս Վանսան Նիգոլս` երիցագոյնը Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, աւելցնելով՝ ՜՜մենք կ'աղօթենք անոր հոգւոյն համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.