2013-04-09 12:59:42

Չիլէի Եպիսկոպոսաց Տարեկան Խորհրդաժողովը


Չիլէի Եպիսկոպոսկան համահաւաք դասը գումարեց իր տարեկան
համաժողովը։ Առաջինը` ֆրանչիսկոս սրբազան Քահանայապետին օրով։ Այս վերջին տարիներուն, կղերի ազգային յանձնախումբը, ուսումնասիրեց,
բազմակարգապահական հարցեր. քահանաներու իրավիճակը,
անոնց առաքելութիւնը եկեղեցւոյ մէջ , անոնց դժուարութիւնները, , փափաքները եւ
յոյսերը , ներկայի ընկերութեան եւ մշակոյթի կեանքի մէջ ։
Չիլէի եպիսկոպոսները սոյն համաժողովին խորհրդածութիւններ կը կատարեն
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետի հրաժարականը սուրբ Պետրոսի գահէն, եւ
ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի ընտրութիւնը եւ այս վերջին եղելութիւններու հետեւանքը՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ մարդոց ծառայութեան ի նպաստ ։
Չիլէի եպիսկոպոսներու համաժողովը կ'ուսումնասիրէ նաեւ ազգային կեանքը մասնաւորաբար. հասարակութեան բարիքը, նա մանաւանդ նախագահի եւ ազգային ժողովի անդամներու ընտրութիւնը որ տեղի պիտի ունեայ 2013- ի վերջաւորութեան։
Վերջապէս Չիլէի Եպիսկոպոսաց խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ ամէնէն կարեւոր նիւթը՝ պատրաստութիւնը ընդհանուր եկեղեցական Բ. ազգային ժողովը ուր տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Յունիս ամիսր Սանդիակօ-ի մէջ որուն ընթացքին բոլոր թեմերու պատուիրակները, եկեղեցւոյ զանանզան հաստատութիւնները եւ երկրի կղերական հասարակութիւնները, պիտի ընտրեն Չիլէի եկեղեցւոյ ապագայ ուղղիները։










All the contents on this site are copyrighted ©.