Նախագահի երդմնակալութեան առաջին անգամ գործածուեցաւ նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը
ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր՝ ապրիլի
9-ին, ներկայութեամբ՝ բազմաթիւ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական ու քաղաքական
անձնաւորութիւններու եւ հայորդիներու։ Այս առթիւ՝ առաջին անգամ ըլլալով գործածուեցաւ
նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը որ հիմնուած է հայրենի Նախագահի՝ ապրիլի 5-ի
հրամանագրով: Ըստ նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը կը գործածուի Հայաստանի Հանրապետութեան
նորընտիր Նախագահի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին ապա կը պահուի Հայաստանի
Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրը: Նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը ունի սկաւառակի
տեսք, որը շրջափակուած է իրարու հերթագայող երկու ութանիստ բազմանկիւնաձև երիզով: Սկաւառակի
կեդրոնը պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, որու վերի մասը կը նշմարուի
ցորենի երկու հասկ , իսկ ներքոյ գրուած են «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆ» բառերը: Նախագահական
իշխանութեան խորհրդանշանը կը տեղադրուի Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյներու՝ եռագոյն
ժապաւէնի վրայ: