2013-04-09 14:41:16

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵԻԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՑԱՒԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ


Միջին Արեւելքը ծանր կացութեան մէջ է. վարչաձեւեր կը փոխուին, արգելումներ տեղի կ'ունենան եւ ժողովուրդը կը տատանի յոյսի եւ վախի մէջ: Քրիստոնեաները կը յուսան մնալ այն հողերուն վրայ ուր ներկայութիւն ունին 2000 տարիներէ ի վեր : Արդարեւ, 40 թուականէն ի վեր, քրիստոնեաները հաստատուած են Նեղոս գետի ափերուն վրայ, Միջերկրական Ծովին շուրջ, Միջագետքի եւ Արաբական թերակղզիի մէջ : Այս շրջաններուն մէջ, քրիստոնէութեան ներկայութիւնը աւելի հին է քան Մահմետական կրօնքը՝ ծնունդ առած 7—րդ դարուն :
Մօտաւորապէս 11 միլիոն քրիստոնեայ ներկայութիւն ունի Միջին Արեւելքի մէջ : Անոնք մաս կը կազմեն Արեւելեան Եկեղեցւոյ զանազան ծէսերու (Քաղդէական, Ղպտի, Հայ, Ասորի...), ինչպէս նաեւ Լատին եւ Բողոքական ։ Անոնց համայնքները կը գտնուին Եգիպտոս, Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Յորդանան, Իսրայէլ, Պաղեստին, Պարսկաստան եւ Թուրքիա :
Պահպանելու համար իր դերը աշխարհի այս շրջանին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցին կը պարտի, այսօր աւելի քան երբեք, կրրկնապատիկ սիրոյ վկայութիւնը տալ՝ պատերազմներու սարսափին կամ արմատական փոփոխութիւններուն դիմաց :
Սոյն Եկեղեցիներուն պետերը կը պահանջեն իրենց հաւատացեալներէն հաւատարմութեամբ մնալու իրենց երկիրներուն մէջ եւ աշխատելու որպէսզի սէրն ու համերաշխութիւնը յաղթեն ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան : Ասիկա կ'ենթադրէ որ ներկայ կառավարութիւնները յարգեն իրենց երկիրներուն բոլոր մասնիկները, անոնց ապահովութիւն հաւաստիացնեն՝ զանոնք պաշտպանելով ծայրահեղութիւններու դէմ : Կ'անդրադառնանք որ այս չէ պարագան Իրաքի եւ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն համար : Տնտեսական տագնապի եւ մարդուս տարրական իրաւունքներու զրկումի առջեւ կը մտահոգուինք Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն համար որոնք յաճախ կը նկատուին որպէս «օտար» եւ կը մեղադրուին եւրոպասէր րլլալ :
Հակառակ իրենց շարունակական ներկայութեան այս շրջանին մէջ, ուր կը գտնենք դարաւոր պատրիարքական աթոռներուն ժառանգները, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները անկումի նշաններ կը ցուցնեն եւ հետզհետէ դժուարութիւն ունին իրենց ներկայութիւնը պահելու, եւ հետեւաբար մասնակցելու խաղաղութեան մշակոյթին : Վատիկանի Սիւնհոդոսէն ի վեր, Սուրբ Աթոռը անմիջապէս որոշեց Արեւելեան ծէսերու պահպանումը իրենց ծիսական հարազատութեամբ, տեսնելով անոնց մէջ հարուստ հայրենական ժառանգը Տիեզերական Եկեղեցւոյ համար, եւ ուշագրաւ յարմարացում մը շրջանին հաւատացեալներուն նկատմամբ :
Ինչպէ՞ս կարելի է օգնել համայնքներուն որպէսզի անոնք մնան իրենց հողերուն վրայ ուր քրիստոնէութիւնը ծագում առած է : Մեծամասնութեան օրէնքը արժէք չունի եթէ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները չեն յարգուիր, սկսելով կրօնական ազատութենէն: Ինչպէ՞ս չզարմանանք անոնց զանգուածային արտագաղթէն, երբ այս ազատութիւնը ոտնակոխ կ’ըլլայ քրիստոնեաները մահուան վտանգի ենթարկելով : Ի՞նչ է ապագան այս երիստասարդներուն, որոնք անորոշութեան մէջ կ'ապրին : Մնալ հերոսութիւն կամ յուսահատութիւն է ։
Սակայն, Արեւելքի քրիստոնեաները կամուրջն են քրիստոնէութեան եւ մահմետականութեան, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի զանազան աւանդութիններու միջեւ : Կամուրջը երկու ափեր կը միացնէ պայմանաւ որ ամէնքը զայն գործածեն ։ Արեւելքի քրիստոնեաները այն կամուրջն են որ կրնայ օգնել մէկ եւ միացած հայրենիք մը կերտելու երկու ափերուն միջեւ ։ Անիրականալի կր թուի, սակայն կը նմանի փարոսի մը որ տատամսող նաւի մը շիտակ ուղղութիւնը կու տայ :

Հայր Գէւորգ Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.