2013-04-08 10:28:25

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեանի Խօսքը Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Գահակալութեան Արարողութեան Առթիւ։


Սիրելի բարեկամներ,

Երկու առիթներ մեզ կը ժողուեն այսօր այս սրահին մէջ :

Նախ Բարի Գալուստ ինչպէս նաեւ քաջառողջութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցելու մեր նորընտիր Առաջնորդին,
Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանին, որուն կատարած գործունէութիւնները հովուական եւ մշակութային ասպարէզներուն մէջ արդէն զինքը կանխեցին :

Այո՛, սիրելի Գերապայծառ Տէր,

Երեսուն տարիէ ի վեր Ձեզ կը ճանչնամ եւ Ձեր մէջ միշտ տեսած եմ օրինակելի եւ տիպար եկեղեցական մը, տոգորուած մեծ հաւատքով
ու եռանդով, միշտ պատրաստ ուրիշին օգտակար հանդիսանալու:

Միշտ եղած էք ժպտերես, համբերող, ուրիշներուն դժուարութիւնները ու ցաւերը մտիկ ընող, փորձելով զանոնք լուծել եւ կամ գէթ մխիթարել Ձեր անոյշ խօսքերով:

Ձեր նուիրումը եւ անձնազոհողութիւնը յայտնի եղան լիբանանեան ներքին պատերազմի ընթացքին, երբ ամէն միջոցի դիմեցիք մարդոց վիշտերը եւ ցաւերը ամոքելու համար:

Ի վերջոյ, մէկ խօսքով, ուր որ առաքելութեան կանչուեցաք, եղաք ճշմարիտ եւ օրինակելի հովիւ, միշտ պատրաստ զոհելու իր հանգիստը ու ժամանակը, ուրիշին օգտական հանդիսանալու համար:

Սիրելի Գերապայծառ,

Ֆրանսայի մեր կղերի եւ հաւատացեալներու անունով, Ձեզ կ'ողջունեմ ըսելով բարի եկաք մեր մէջ, բարի եկաք Ձեր Տան մէջ: Ապա Ձեզի կը վստահեցնեմ մեր բոլորին պատրաստակամութիւնը Ձեզի աջակցելու մեր եկեղեցւոյ բարգաւաճման աշխատանքին մէջ :
Իսկ մեր այս հանդիպումին երկրորդ առիթն է մեր որդիական եւ երիտասարդական զգացունմերը արտայայտել հանդէպ մեր սիրելի նախկին Առաջնորդ Հօր՝ Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Ղապրոյեանին որ 36 տարի անխոնջ նուիրածութդամբ ծառայեց Ֆրանսայի մեր համայնքին եւ եկեղեցւոյ կանոնագրութեան համաձայն, երկու տարի առաջ իր հրաժարականը ներկայացուց :

Յոյժ սիրելի Գերապայծառ Տէր:

Թոյլ տուէք որ Ձեզի ապահովցնեմ որ Ֆրանսայի Հայութիւնը եւ յատկապէս Հայ Կաթողիկէ համայնքը ձեր կատարած ծառայութեան խորապէս կը գիտակցի: Ձեզ ճանչցողները Ձեր մօտ գտան շարունակական մտահոգութիւնը աջակցելու հայ ժողովուրդին համար մշակուած բոլոր ծրագիրներուն, թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ՛ Հայաստանի համար:
Ձեր տարած աշխատանքը եւ կազմակերպչական գործերը նոր թափ տուին մեր թեմին, որ այսօր շնորհիւ Ձեզի, դարձաւ օրինակելի թեմ մը, իր գործադրած հուվուական եւ մշակութային զանազան ձեռնարկներով:

Իբրեւ աշխատակից վարդապետներ, Ձեր մէջ տեսանք իսկական հօր մը սէրն ու գթութիւնը:

Յիսուսի հետ միասին Ձեզի կ'ըսենք. «Մշակը արժանի է իր վարձքին»: Այո՛ սիրելի Գերապայծառ, Դուք Ձեր համեստութեամբ, ուզեցիք միշտ անշուք կերպով աշխատիլ ու ծառայել: Ձեր Ֆրանսայի Թեմին առաջնորդ անուանուելէն սկսեալ, չխնայեցիք Ձեր ժամանակը եւ նոյնիսկ Ձեր առողջութիւնը, Ձեզի դիմողներուն օգտակար հանդիսանալու համար:

Բոլորին անունով Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յարատեւութիւն ի սպաս հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.